Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ European Policy Centre . Փաշինեանի Համար «Նոր» Հայաստանի Տեսլականը Կեանքի Կոչելը Մարտահրաւէր Պիտի Ըլլայ

European Policy Centre . Փաշինեանի Համար «Նոր» Հայաստանի Տեսլականը Կեանքի Կոչելը Մարտահրաւէր Պիտի Ըլլայ

by MassisPost

Եւրոպական քաղաքականութեան կեդրոնի վերլուծաբաններ Ամանտա Փոլն ու Տենիս Սամութը անդրադարձած են 9 Դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ՀՀ վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի «Իմ Քայլը» դաշինքի համոզիչ յաղթանակին:

Հեղինակներու կարծիքով՝ ընտրողներու մասնակցութեան ցած յայտը (48.63%) կը վկայէ առ այն, որ ժողովուրդի շրջանին հիասթափութեան մակարդակը բարձր է:

«Փաշինեանի համար «նոր» Հայաստանի տեսլականը կեանքի կոչելը մարտահրաւէր պիտի ըլլայ: Այժմ, երբ Փաշինեանը ունի խորհրդարանական մեծամասնութիւն, պէտք է գործի անցնի երեք կարեւորագոյն ոլորտներու մէջ՝ ներքին բարեփոխումներ, արտաքին քաղաքականութիւն եւ Լեռնային Ղարաբաղ»,-գրած են հեղինակները՝ նկատելով, որ հայ հասարակութիւնը իրական փոփոխութեան ակնկալիք ունի:

Վերլուծաբանները նշած են, որ Փաշինեանի նոր կառավարութիւնը իրական հակակաշառակերային մարտավարութեան կարիք ունի: Միայն այդ պարագային հնարաւոր կ’ըլլայ խթանել տնտեսութեան զարգացումը, նուազեցնել աղքատութեան մակարդակը, բարելաւել կեանքի որակը:

Ինչ կը վերաբերի արտաքին քաղաքականութեան, ապա ըստ վերլուծութեան՝ ռազմական եւ պաշտպանական հարցերուն մէջ Հայաստանի գլխաւոր գործընկեր Ռուսաստանը խոր կասկածանքով կը վերաբերի Փաշինեանին:

«Փութինի վստահութիւնը շահելու անոր յոյսը՝ մեղմ ըսած միամիտ է: Փաշինեանի առաջնորդած փողոցային յեղափոխութիւնը նոր շունչ տուաւ այն հեռանկարին, որ նախկին խորհրդային պետութիւններուն մէջ ալ կրնան նման զարգացումներ տեղի ունենալ:Եւ թէեւ Քրեմլինը կ’ուզէ ցոյց տալ, որ այդ իրեն չի մտահոգեր, սակայն այդպէս չէ: Մինչդեռ Արեւմուտքը դեռ կը փորձէ հասկնալ՝ ով է Փաշինեանը, ուրկէ եկած է եւ ուր կ’երթայ: ԵՄ եւ արեւմտեան շրջանակները լաւ տրամադրուած են Փաշինեանի նկատմամբ, բայց անոր դեռ հարկաւոր է համակրանքը վերածել շօշափելի աջակցութեան: Մտահոգութիւն կայ, որ  Փաշինեանը բաւականաչափ համբերութիւն չունենար ժամանակի ընթացքին ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւնները աւելի յստակ ուրուագծելու, խորացնելու համար: Հայաստանի կառավարութեան համար առաջնային կարեւորագոյն նպատակը պիտի ըլլայ Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի, մասնաւորապէս՝ ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններու ճիշդ հաւասարակշռումը»,-նշած են վերլուծաբանները:

Անդրադարձի աւարտին խօսուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին: Հեղինակները նշած են, որ թէեւ վերջին ամիսներուն ԼՂ շփման գիծին վրայ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է, սակայն ռիսքերը կը շարունակեն մեծ ըլլալ:

«Փաշինեանի ընդդիմախօս ուժերուն համար ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կ’ընկալուի որպէս վարչապետի «աքիլլէսեան գարշապար»: Այժմ Փաշինեանի ընտրած մարտավարութիւնը, որ հիմնուած է թափանցիկութեան, ներառուածութեան եւ գործնականութեան վրայ, պէտք է քննութենէ անցնի: Միեւնոյն ժամանակ կարելի չէ անտեսել Հանրապետական կուսակցութեան նախազգուշացումները առ այն, որ լայնամաշտապ պատերազմի վտանգ կայ: Որպէս Ատրպէյճանի հետ տասը տարի բանակցած կողմ՝ Հանրապետական կուսակցութիւնը կը գիտակցի այն ռիսքը, որ եթէ Ալիեւ-Փաշինեան «մեղրամիսը» բանակցային գործընթացին մէջ չյանգեցնէ շօշափելի առաջընթացի, հիասթափուած Ատրպէյճանը կրնայ խնդրի լուծման այլ տարբերակներ որոնել:Ամէն պարագայի Փաշինեանի առաջ ծառացած մարտահրաւէրները ահռելի են՝ նկատի առնելով հասարակութեան մեծ սպասումները»,-եզրափակած են վերլուծաբանները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment