Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախնական Արդիւնքներով՝ Նոր ԱԺ-ն Պիտի Ունենայ 132 Պատգամաւոր

Նախնական Արդիւնքներով՝ Նոր ԱԺ-ն Պիտի Ունենայ 132 Պատգամաւոր

by MassisPost

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը հաստատած  է Դեկտեմբեր 9-ին կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները բոլոր՝ 2010 ընտրատեղամասերէն ստացած տուեալներու հիման վրայ։

Ըստ այդմ՝ ընտրողները 884 հազար 849 ձայն տուած են Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Իմ քայլը» դաշինքին։ Այդպիսով, վարչապետի պաշտօնակատարի առաջնորդած ուժը ստացած է ձայներու ճնշող մեծամասնութիւնը՝ 70,43 տոկոսը։ Երկրորդ տեղը գրաւած է Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը՝ 103 հազար 837 ձայն կամ 8,27 տոկոս։ Եւ եռեակը եզրափակած է Էտմոն Մարուքեանի «Լուսաւոր Հայաստան»-ը՝ 80 հազար 49 ձայն կամ 6,37 տոկոս։ Եթէ այս թիւերը չփոխուին, ապա խորհրդարանի մանտաթները պիտի կիսուին այս երեք ուժերու միջեւ։

Նշենք, որ ըստ նախնական տուեալներու ու այս պատկերի չփոփոխուելու պարագային՝ նոր ԱԺ-ն կ’ունենայ 132 պատգամաւոր՝ 88 պատգամաւոր «Իմ քայլը» դաշինքէն, 25՝ ԲՀԿ կուսակցութենէն, ու 19 պատգամաւոր՝ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութենէն։

Օրէնքով սահմանուած կարգով պատգամաւորներու ընդհանուր թիւը 101 է, սակայն պատգամաւորներու թիւը կրնայ աճիլ։ Օրէնքը յստակ կ’ամրագրէ, որ նուազագոյն շեմը յաղթահարած ուժերու տեղերու քանակը կ’աւելնայ այնքանով, որքանով, որ անոնք կարողանան կազմել 1/3, այսինքն՝ հնարաւոր ըլլայ ապահովել օրէնքով սահմանուած 30 տոկոս ընդդիմութիւն։

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք սա երկրի համար ամենավճռորոշ ընտրութիւններն էին, սակայն ընտրելու իրաւունք ունեցող 2 միլիոն 592 հազար 479 ընտրողներէն քուէարկութեան մասնակցած է ընդամէնը 48,63 տոկոսը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment