Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայկական Ռազմական Օդանաւ Մը Կործանած Է. Երկու Օդաչուները Զոհուած

Հայկական Ռազմական Օդանաւ Մը Կործանած Է. Երկու Օդաչուները Զոհուած

by MassisPost

Մարալիկի տարածաշրջանին մէջ՝ Մարալիկէն դէպի Բարձրաշէն լեռնային հատուածին մէջ, Հայաստանի Զինուած ուժերու ՍՈւ-25 մարտական օդանաւ կործանուած է, երկու օդաչուները՝ փոխգնդապետ Արմէն Բաբայեանը եւ գնդապետ Մովսէս Մանուկեանը զոհուած են:

Ամենօրեայ մարտական պատրաստութեան ծրագրով ուսումնամարզական թռիչք իրականացնող օդանաւը, պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, թռիչքային երթուղի դուրս եկած էր ժամը 10:06-ին‘ Գիւմրիի օդակայանէն, ժամը 10:20-ի սահմաններուն կապը օդանաւի հետ կորսուած էր:

Քանի մը ժամ շարունակուած որոնողա-փրկարարական աշխատանքներէն ետք պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը Ֆէյսպուքի իր էջին գրած է, որ վթարի վայրը յայտնաբերուած է՝ այն Մարալիկի տարածաշրջանի լեռներուն մէջ է:

killed pilots

Աւելի ուշ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է, ուր ըսուած է՝ – «Աւիապատահարի հետեւանքով զոհուել են առաջին կարգի օդաչու, փոխգնդապետ Արմէն Սլավիկի Բաբայեանը եւ երրորդ կարգի օդաչու, գնդապետ Մովսէս Գէորգի Մանուկեանը»: Նախարարութիւնը խորապէս ցաւակցած է զոհուած փորձառու օդաչուներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն:

Գլխաւոր դատախազութեան լրատուական ծառայութենէն ՚Ազատութեանՙ փոխանցած են, որ մարտական օդանաւի կործանման փաստի առթիւ յարուցուած է քրէական գործª թռիչքներու կամ անոնց նախապատրաստման կամ շահագործման այլ կանոնները խախտելու յատկանիշներով, որ անզգուշութեամբ յանգեցուցած է երկու կամ աւելի մարդու մահուան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment