Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Հոլանատայի Բողոքական Եկեղեցին Անվերջ Շարունակուող Պատարագով կը Փորձէ Պաշտպանել Հայ Ընտանիքը

Հոլանատայի Բողոքական Եկեղեցին Անվերջ Շարունակուող Պատարագով կը Փորձէ Պաշտպանել Հայ Ընտանիքը

by MassisPost

Աւելի քան մէկ ամիս է՝ Հոլանտայի բողոքական եկեղեցին օր ու գիշեր, շաբաթուան մէջ եօթ օր՝ առանց դադարի, կրօնական ծէս ու պատարագ կը մատուցէ յանուն փախստական հայ ընտանիքի մը, որ կանգնած է արտաքսման վտանգի առաջ:

Հոկտեմբերի վերջէն Թամրազեանները՝ երեք երեխաներու հետ, եկեղեցւոյ ձեղնայարկին մէջ պատսպարուած են՝ ստիպուած, քանի որ դատարանը մերժած է երկրի մէջ օրինական բնակելու անոնց դիմումը: Տեղական լրատուամիջոցները կը գրեն՝ ոստիկանները արտաքսման հրամանը ձեռքին կը հերթապահեն եկեղեցւոյ դռներուն մօտ, սակայն, չեն կրնար ներս մտնել, քանի որ օրէնքը կ’արգիլէ անոնց աղօթքի ու պատարագի ժամանակ ձերբակալութիւններ իրականացնել:

Ընտանիքի ամենափոքրը՝15-ամեայ Սէյրանը, մէկ ամիս է՝ դպրոց չէ գացած: – «Եկեղեցւոյ մէջ ըլլալով, կը մտածեմ` ի՞նչ գործ ունիմ այստեղ: Բայց եթէ այստեղէն դուրս գանք, ամէն պահ կրնան մեզի ձերբակալել», – ըսած է ան:

holland2

Իրաւապահներու մուտքը կանխելու եւ շուրջօրեայ ծէսեր կազմակերպելու համար բողոքական փոքրիկ եկեղեցին դիմած է Հոլանտայի ու ողջ աշխարհի քրիստոնեաներուն: Արձագանգը չէ ուշացած. Հաակա եկած են հոգեւորականներ Հոլանտայի տարբեր շրջաններէն, Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Սպանիայէն: Ու հիմա անոնք կամաւորութեան սկզբունքով՝ երկու ժամը մէկ կը փոխարինեն իրար եկեղեցւոյ խորանին մօտ, որպէսզի պատարագը ոչ մէկ վայրկեան չդադարի:

Ընտանիքի հայրը՝ Սասունը, կնոջ եւ երեք երեխաներուն հետ Հոլանտա տեղափոխուած է ինը տարի առաջ՝ Մարտի 1-ի արիւնալի դէպքերէն ետք: Կը պնդէ, թէ այդ տարիներուն Հայաստանի մէջ հետապնդման ենթարկուած է իր քաղաքական հայեացքներուն համար:

Հոլանտայի իշխանութիւնը կը փաստարկէ՝ Հայաստանը հիմա անվտանգ երկիր է, ընտանիքը կրնայ անարգել հայրենիք վերադառնալ: 15-ամեայ Սեյրանը, սակայն, որ ծննդավայր Հայաստանէն գրեթէ ոչինչ կը յիշէ, կը խոստովանի՝ Հոլանտան դարձած է իր երկրորդ հայրենիքը, որմէ դուրս կեանքը դժուար կը պատկերացնէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment