Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քոչարեանի Խափանման Միջոցի Վերաբերեալ Դատական Քննութիւնը Ընդմիջուած է Մինչեւ Երկուշաբթի

Քոչարեանի Խափանման Միջոցի Վերաբերեալ Դատական Քննութիւնը Ընդմիջուած է Մինչեւ Երկուշաբթի

by MassisPost

Սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ մեղադրուող Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի վերաբերեալ քննութիւնը Վերաքննիչ դատարանէն ներս ընդմիջուած է՝ աշխատանքային օրուան աւարտին պատճառով:

Առտուընէ Քոչարեանի պաշտպանները կը ներկայացնէին իրենց բողոքը, պնդելով, որ նախկին նախագահը պէտք չէ կալանաւորուի քանի դեռ չէ որոշուած, որ ան անձեռնմխելի չէ, քանի դեռ չեն հաստատուած հիմնաւոր կասկածները, որ ան կատարած է իրեն մեղսագրուող արարքը: Բացի այդ, ըստ պաշտպաններուն, պէտք է քննարկուի, արդեօք մնալով ազատութեան մէջ ան կրնայ խոչընդոտել քննութեան:

«Ազատութեան» հարցին՝ այսինքն, իրենց պնդմամբ, առաջին ատեանի դատարանը այդ ամէն ինչը հաշուի չէ՞ առած, Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններէն Հայկ Ալումեանը պատասխանած է. ֊ «Պատկերացրէք՝ այդ ամէն ինչից ոչ մի բանը հաշուի չի առել, եւ հիմա, երբ որ մենք բոլորս լսեցինք սեպտեմբերի 11֊ից սկսած ԱԱԾ տնօրէն եւ ՅՔԾ պետի հեռախօսային զրոյցը, երեւի ձեզ համար էլ, մեզ համար էլ արդէն պարզ է, թէ դրա տակ ինչ է եղել իրականում»։

Ալումեանը նշած է, որ նիստի ընթացքին իրենք չեն հասցուցած իրենց բողոքը ամբողջութեամբ ներկայացնել:

Նշենք, որ Հայկ Ալումեանը եւս մէկ բողոք ներկայացուցած է Վերաքննիչ դատարան, որու մէջ նոր հիմքեր ներկայացուած են՝ ԱԱԾ եւ ՅՔԾ պետերու գաղտնալսուած հեռախօսազրոյցը: Դատարանը պէտք է որոշէ նաեւ՝ ընդունիլ այդ բողոքը քննութեան, թէ ոչ։

Ալումեանը ըսած է, որ նոր բողոքի հիմքը «Յատուկ քննչական ծառայութեան եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետերու յայտնի հեռախօսային խօսակցութիւնն է եւ դրա վերաբերեալ ասուլիսը»։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment