Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանէն Թալանուած Վերադարձուելիք Գումարը Կրնայ Հաւասարիլ Պետական Պիւտճէին

Հայաստանէն Թալանուած Վերադարձուելիք Գումարը Կրնայ Հաւասարիլ Պետական Պիւտճէին

by MassisPost

Պետութեան գոյքի նուիրատուութիւն կատարելու մասին գրաւոր առաջարկով դիմած են միայն Զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանը եւ Մաքսային ծառայութեան նախկին պետ Արմէն Աւետիսեանը:

Այս մասին «Ազատութեան» տեղեկացուցած է պետական գոյքի կառավարման կոմիտէի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը՝ աւելցնելով, որ նուիրատուութիւնները դեռ չեն ընդունուած եւ նման գործընթաց սկսելու համար անհրաժեշտ է կառավարութեան որոշումը:

«Իրենք նամակ են գրել, բայց կառավարութիւնը պէտք է դիրքորոշում յայտնի, այդ թուում նաեւ դատախազութիւնը իր կարծիքը պէտք է յայտնի: Օրինակ, Մանուէլ Գրիգորեանի դէպքում գոյքեր կան, որ, ասում են, համայնքից անօրինաբար են իրեն անցել: Հիմա կարող է դատարանում որոշուել, որ դա պէտք է, ենթադրենք, բռնագանձուի: Այս իմաստով պէտք է թէ՛ դատախազութեան կարծիքը լինի, թէ՛ քաղաքական որոշում պէտք է լինի: Եթէ դա լինի, արդէն նուէր ընդունելու գործընթացը մենք կ’իրականացնենք», – նշած է Նարեկ Բաբայեանը:

Արմէն Աւետիսեանը փողերու լուացման քրէական գործով կ’անցնի եւ առաջարկած է պետութեան նուիրել Ծաղկաձորի «Կոլտըն Փալաս» հիւրանոցը, որ նախնական գնահատմամբ կրնայ արժել մինչեւ 20 միլիոն տոլար: Մանուէլ Գրիգորեանը, որ իւրացման եղանակով խոշոր չափի գոյքի յափշտակութեան մէջ կը մեղադրուի, պատրաստակամ է պետութեան նուիրել 5 միլիառ դրամի գոյք: Սերժ Սարգսեանի եղբայր Ալեքսանտր Սարգսեանը յայտարարած է իր հաշիւներէն մէկուն վրայ առկայ 30 միլիոն տոլարը նուիրատուութեամբ փոխանցելու մասին:

Այս օրինակները Տաւուշի մարզի մէջ հանրահաւաքի ժամանակ հնչեցուցած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը՝ նշելով, որ պետութենէն թալանուած միջոցները կարճ ժամանակի մէջ վերադարձնելու տարբերակներէն մէկն ալ սա է, որ պէտք է իրականացուի անցումային արդարադատութեան գործիքակազմով՝ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք:

Վարչապետի յանձնարարականով կառավարութեան մէջ ձեւաւորուած է աշխատանքային խումբ, որ կը զբաղուի անցումային արդարադատութեան հարցերով:

Վարչապետի խորհրդական, անցումային արդարադատութեան փորձագէտ Նիկոլայ Պաղտասարեանը այդ աշխատանքային խումբի անդամ է: Ան նշած է, որ առաջնայինը օրէնսդրական կարգաւորման խնդիրն է: Փորձագէտի համոզմամբ՝ պէտք է օրէնսդրական հիմք ստեղծել գործողութիւններու համար, ինչը կրնայ ընել միայն նոր ձեւաւորուող Ազգային ժողովը:
Վարչապետի խորհրդականը յստակեցուցած է՝ անցումային արդարադատութիւնը  չենթադրեր քրէական պատասխանատուութենէն ազատում: Անոր պարզաբանմամբ, կան 4 տեսակի յանցագործութիւններ՝ թեթեւ, միջին, ծանր եւ առանձնապէս ծանր: Վերջին երկուքի պարագային մարդիկ, ըստ Պաղտասարեանի, պէտք է ենթարկուին քրէական պատասխանատուութեան:

«Աւելի շատ գոյքի մասին ա խօսքը, քան դուք լրատուամիջոցներով պատկերացնում էք, որովհետեւ խօսքը վերաբերում ա նաեւ էն գոյքին, որը գտնուում է արտասահմանում, ոչ թէ Հայաստանում: Մեխանիզմներ կան, երբ որ այլ պետութիւններում թողնում ես դու այդ գոյքի 20 տոկոսը, 80 տոկոսը վերադարձուում ա: Ֆիլիփինները վերադարձրել են իրանց պիւտճէից աւելի մեծ գումար: Ես եւս ակնկալում եմ, որ մենք կ’ունենանք վերադարձ մեծ գումարների, որը կը հաւասարուի մեր պետական պիւտճէին: Հաստատ պարտքը կը փակենք մեր», – «Ազատութեան» հետ զրոյցը եզրափակած է Նիկոլայ Պաղտասարեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment