Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ոչ Մի Ձայն ՀՀԿ-ին»

«Ոչ Մի Ձայն ՀՀԿ-ին»

by MassisPost

Դեկտեմբեր 9-ին տեղի ունենալիք Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու պաշտօնական քարոզարշաւի առաջին օրն իսկ, բուռն ընտրապայքար ծայր առաւ մրցակից ուժերուն միջեւ: Փոխադարձ ամբաստանութիւններ հնչեցին յատկապէս «Իմ Քայլը» դաշինքի ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՀՀԿ-ի ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Փաշինեանի իշխանութեան գալէն ասդին, նախկին իշխանութեան մարդիկ անդադար կ՛աղմկեն, որ նոր կառավարութիւնը կը պատրաստուի Հայկական հողերը վերադարձնել Ատրպէյճանին՝ առանց որեւէ փաստացի տուել կամ այդ ուղղութեամբ վարչապետի կողմէ յայտարարութիւն մատնանշելու:

Ընտրարշաւի առաջին օրը «Իմ Քայլը» դաշինքի անդամ՝ ազատամարտիկ Սասուն Միքայէլեանի ոչ ճիշդ ձեւակերպուած մէկ արտայայտութիւնը, թէ թաւշեայ յեղափոխութիւնը աւելի կարեւոր էր քան Արցախեան յաղթանակը, անմիջապէս դարձաւ շահարկման առարկայ: Երեւանէն մինչեւ Ստեփանակերտ հնչեցին դատապարտումի խօսքեր: Կարծէք թէ մարդիկ անհամբեր կը սպասէին ընտրարշաւի ընթացքին արտասանուած մէկ անյաջող խօսքի, որպէսզի զայն բերեն ու կապեն «հողեր յանձնելու» իրենց պնդումներուն: Սասուն Միքայէլեանի կատարած ճշդումը անգամ օգուտ չըրաւ ու նոյն մարդիկ, որոնք «մատրիտեան սկզբունքներու» փաստաթուղթին տակ ստորագրելով, համաձայնած էին, առանց Արցախի կարգավիճակը ճշդելու, տարածքներ յանձնելու գաղափարին, այսօր մեղադրանքներ կը հնչեցնեն Փաշինեանի կողմէ հողերը վերադարձնելու մասին:

Արցախի հարցին շուրջ բարձրացած անտեղի ու համակարգուած աղմուկը բնականաբար զայրոյթ յառաջացուց Փաշինեան մօտ ու ան սկսաւ աւելի խիստ ոճով հանդէս գալ նախկին իշխանութիւններուն մաս կազմած իր հակառակորդներուն ու յատկապէս ՀՀԿ-ի նկատմամբ:

«Ոչ մի ձայն ՀՀԿ-ին, ոչ մի ձայն, որովհետեւ չի կարելի ներել, որովհետեւ փորձը ցոյց է տալիս, որ ինչքան փորձում ենք լարում չմտցնել, սիրոյ եւ համերաշխութեան մթնոլորտը մտցնել, ոմանք առիթաւորւում են»: Այս խօսքերը հնչեցնելով Փաշինեան ազդարարեց Հանրապետականերուն դէմ անխնայ ընտրապայքարի փուլը թեւակոխելու մասին, որպէսզի ան չկարողանայ յայտնուիլ յառաջիկայ խորհրդարանէն ներս ու շարունակէ կատարել իր «սեւ գործը»:

«Ոչ մի ձայն ՀՀԿ-ին», պէտք է դառնայ Հայաստանի ընտրողներու կարգախօսը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment