Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքու «Վնասակար» Կ՛որակէ Արցախը Բանակցութեանց Մաս Դարձնելու Փաշինեանի Յայտարարութիւնը

Պաքու «Վնասակար» Կ՛որակէ Արցախը Բանակցութեանց Մաս Դարձնելու Փաշինեանի Յայտարարութիւնը

by MassisPost

«Հակառակ անոր, որ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի անհիմն յայտարարութիւնները այն մասին, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է մասնակցի բանակցային գործընթացին, նախատեսուած են ներքին լսարանի համար եւ կը կատարուին ընտրութիւններու նախաշեմին, սակայն եւ այնպէս, անոնք վնաս կը հասնցնեն հակամարտութեան կարգաւորման արդէն իսկ դանդաղ շարժող գործընթացին եւ կը ցուցադրէ իրավիճակը անփոփոխ պահելու մտադրութիւնը»,  Նոյեմբեր 27-ին յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, կը հաղորդէ «Armenia.az»-ը։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավարի պաշտօնակատար Լէյլա Ապտուլլաեւ աւելցուց, որ եթէ Փաշինեան շահագրգռուած ըլլար Արցախի հակամարտութեան կարգաւորումով, «ան չէր խոչընդոտեր ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միջնորդութեամբ կատարուող բանակցութիւններու ձեւաչափը, ուր բանակցող կողմերն են՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան»:

«Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի անհիմն եւ հակասական յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ ան հայ ժողովուրդին համար «լաւ ապագայ կառուցելու» հարցին մէջ իր նախորդէն շատ հեռու պիտի չերթայ: Այդ յայտարարութիւններէն ետք Հայաստանի անկեղծութիւնը, երկկողմանի հանդիպման նախաշեմին, կասկածներ կը յառաջացնէ», աւելցուց Ապտուլլաեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment