Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Եթէ Հայաստանի Հետ Համատեղ Նախագիծ Ըլլայ, Վանի Օդակայանը Թուրքիոյ Մէջ Կրնայ Ըլլալ Ամենամեծը». Կարօ Փայլան

«Եթէ Հայաստանի Հետ Համատեղ Նախագիծ Ըլլայ, Վանի Օդակայանը Թուրքիոյ Մէջ Կրնայ Ըլլալ Ամենամեծը». Կարօ Փայլան

by MassisPost

Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան մասնակցած է մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պիւտճէի քննարկումներուն:

Փայլանը, քննադատելով մշակոյթի նախարարութեան ձեռնարկած շարք մը քայլերը եւ նախագիծերը, ըսած է. «Նախարարութիւնը ոչ մէկ տեսլական ունի Վանի նահանգին համար: Հաւատացէք Վանի օդակայանը տարողունակութեամբ  կրնայ գերազանցնել Անթալիոյ եւ Դալամանի օդակայեանները: Վանի մէջ լուրջ քաղաքակրթութիւն կայ: Եթէ այնտեղ մասնագիտական նախագիծ իրականացուի, եթէ  Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ համատեղ նախագիծ ըլլայ, Վանի օդակայանը Թուրքիոյ մէջ կրնայ ըլլալ ամենամեծը: Օրինակ՝ Վանի Էտրեմիթ (պատմ Արտամէտ) շրջանը դրախտի անկիւն է: Վանը յայտնի է 4 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող ուրարտական թագաւորութեամբ: Վանի մէջ հայկական եկեղեցի կայ, այնտեղ է նաեւ Արշիլ Գորկիի գիւղը: Սակայն այստեղ քաղաքապետարանի հոգաբարձուի յանձնարարութեամբ հայկական գերեզմանոցի վրայ լուացարան կը կառուցէ»,- ըսած է Փայլանը:

Ան յիշեցուցած է, որ հայկական գերեզմանատան վրայ կառուցուած լուացարանը այդպէս ալ չէ կազմաքանդուած՝ թէեւ ժամանակին զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարարը հրահանգած էր քանդել զայն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment