Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Եւրոխորհրդարանը Կողմ է Թուրքիա-ԵՄ Բանակցութիւններու Պաշտօնապէս Առկախման

Եւրոխորհրդարանը Կողմ է Թուրքիա-ԵՄ Բանակցութիւններու Պաշտօնապէս Առկախման

by MassisPost

Եւրոխորհրդարանի Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Քեթի Փիրի ներկայացուցած է Թուրքիոյ վերաբերեալ իր հերթական զեկոյցին նախնական տարբերակը։ 14 Նոյեմբերին, Սթրասպուրկի մէջ ներկայացուած փաստաթուղթին մէջ, Փիրի կոչ ըրած է պաշտօնապէս առկախելու ԵՄ-Թուրքիա բանակցութիւնները, քանի որ Թուրքիան չի համապատասխաներ «Քոփենհակընեան չափանիշներուն»։

Զեկոյցը անդրադարձած է 2016-ի յեղաշրջման փորձէն ետք Թուրքիոյ մէջ ծայր առած զանգուածային ձերբակալութիւններուն, կալանաւորումներուն, աշխատանքէ հեռացման դէպքերուն, մամուլի եւ խօսքի ազատութեան սահմանափակումներուն։ Կոչ եղած է հրատապ միջոցներ ձեռնարկելու քրտական հարցը խաղաղ քաղաքական գործընթացներու ճանապարհով լուծելու նպատակով։ Փիրի դատապարտած է նաեւ ընդդիմադիր պատգամաւորներու կալանաւորման դէպքերը՝ կոչ ընելով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին՝ հնարաւորինս արագ որոշում կայացնելու քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP) նախկին համանախագահ Սէլահէտտին Տէմիրթաշի գործով։

Միեւնոյն ժամանակ, ԵՄ զեկուցողը համոզում յայտնած է, որ Թուրքիոյ հետ բոլոր կամուրջները այրել պէտք չէ։ Ընդգծուած է Թուրքիոյ դերը փախստականներու հիմնախնդիրի յաղթահարման հարցով եւ կոչ եղած է ԵՄ երկիրներուն՝ այս հարցով նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելու Թուրքիոյ։

Զեկոյցին նախագիծը նախ պէտք է հաստատուի Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ, որմէ ետք՝ Յունուարին կամ Փետրուարին, վերջնական քուէարկութեան պիտի դրուի ԵԽ-ի մէջ։ Զեկոյցի՝ Թուրքիա-ԵՄ բանակցութիւններու առկախման կոչը ներառող հատուածի փոփոխութիւն չ՝ակնկալուիր։

Նշենք, որ Թուրքիա–ԵՄ բանակցութիւններու դադրեցման համար անհրաժեշտ է, որ Եւրոյանձնաժողովը հանդէս գայ համապատասխան առաջարկով, իսկ ԵՄ անդամ երկիրներու առաջնորդները հաստատեն այդ առաջարկը։

Աւելցնենք նաեւ, որ նախորդ տարի՝ Թուրքիոյ վերաբերեալ տարեկան զեկոյցը ընդունելու ժամանակ՝ Եւրոխորհրդարանը զգուշացուցած էր, որ եթէ Թուրքիոյ մէջ վերջին սահմանադրական փոփոխութիւնները իրաւական ուժի մէջ մտնեն, ուստի ԵԽ-ն պիտի պահանջէ պաշտօնապէս դադրեցնել ԵՄ անդամակցութեան բանակցութիւնները։ Պատճառը այն է, որ ըստ Վենետիկի յանձնաժողովի զեկոյցին՝ Թուրքիոյ մէջ ներկայ կառավարման համակարգը համատեղելի չէ ուժերու տարանջատման սկզբունքին հետ, որ կը հակասէ Քոփենհակընեան քաղաքական չափանիշներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment