Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԵԿ-ը Քրէական Գործ Յարուցած է «Կազփրոմ Արմենիա» Ընկերութեան Դէմ Հարկային Կեղծ Տուեալներու Համար

ՊԵԿ-ը Քրէական Գործ Յարուցած է «Կազփրոմ Արմենիա» Ընկերութեան Դէմ Հարկային Կեղծ Տուեալներու Համար

by MassisPost

Պետական եկամուտներու կոմիտէն (ՊԵԿ)  քրէական գործ յարուցած է ընդդէմ «Կազփրոմ Արմենիա» ընկերութեան։ Ըստ ՊԵԿ-ի՝ Հայաստանի ամենախոշոր հարկատուներէն մէկը 2016-17 թուականներու ընթացքին հարկային մարմիններուն ներկայացուցած է կեղծ տուեալներ ու այդպիսով քանի մը միլիառ դրամի չափով պակաս հարկ վճարած է պիւտճէ։

Կոմիտէի քննչական վարչութեան պետ Էտուարտ Յովհաննիսեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է՝ այս պահուն «Կազփրոմ»-ի մէջ ստուգումները դեռ կը շարունակուին, վարկածները շատ են, բայց հարկային մարմինը արդէն ունի նախնական պատկերացում, թէ ինչպէս կատարուած են տուեալ չարաշահումները։

Հարցին, թէ ինչի պատճառով նման չարաշահում տեղի ունեցած է, վարչութեան պետը պատասխանած է. – «Հաշուապահական հաշուառման սխալ ձեւակերպումներ կատարելով, աւել ծախսեր ներկայացնելով հաշուետուութիւններում, աւելացուած արժէքի հարկով աւել հաշուանցումներ կատարելու արդիւնքում պակաս հարկային պարտաւորութիւններ են հաշուարկուել, որոնք, նախնական տուեալներով, կատարուած նախնական հաշուարկի շրջանակներում հասնում են մի քանի միլիառ դրամի։ Ընկերութեան վերջնական հարկային լրացուցիչ պարտաւորութիւնները դեռեւս պիտի ճշգրտուեն՝ ինչպէս քրէական գործով ձեռնարկուող դատավարական քննչական գործողութիւնների արդիւնքում, այնպէս էլ ստուգողական աշխատանքների արդիւնքում։ Ստուգման գործընթացը դեռեւս շարունակուում է, նախաքննութիւնը նոր է սկսուել, քրէական գործը նոր է յարուցուել»։

Այն, որ Պետական եկամուտներու կոմիտէն իրենց դէմ քրէական գործ յարուցած է, «Կազփրոմ»-էն ներս իմացած են երէկ՝ կոմիտէի մամլոյ հաղորդագրութենէն։

Սա բարի համբաւի արատաւորում է, կը կարծէ «Կազփրոմ Արմենիա»-ի գործադիր տնօրէնը։ Հրանդ Թադեւոսեանը կը պնդէ՝ հարկային մարմնի բերած հիմնաւորումները անհիմն են, նաեւ աւելցուցած՝ ասուլիսին հրաւիրած էին նաեւ ՊԵԿ-ի ներկայացուցիչները՝ ինչո՞ւ չեն եկած։

«Անհիմն են ասում եմ։ Չեմ հերքում՝ անհիմն են, ոնց կարելի ա հերքել։ Ոչ, գոյութիւն չունի նման բան [չվճարուած հարկեր]», – «Ազատութեան» հարցին արձագանգած է Հրանդ Թադեւոսեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment