Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Կը Հաւատանք, որ Ժողովրդավարական Ընտրութիւններու Շնորհիւ ՀՀ-ի Մէջ Պիտի Հաստատուի Օրինական, Վստահելի Կառավարութիւն». ԵՄ Դեսպան

«Կը Հաւատանք, որ Ժողովրդավարական Ընտրութիւններու Շնորհիւ ՀՀ-ի Մէջ Պիտի Հաստատուի Օրինական, Վստահելի Կառավարութիւն». ԵՄ Դեսպան

by MassisPost

Եւրոպական Միութիւնը, Գերմանիան, Մեծ Բրիտանիան եւ Շուէտը մօտ 2 միլիոն 920 հազար եուրօ յատկացուցած են՝ Հայաստանի մէջ 9 դեկտեմբերին կայանալիք խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու իրականացման օժանդակելու նպատակով: Հայաստանի կառավարութիւնը յատկացուցած է 700 հազար տոլար:

Կառավարութենէն ներս՝ առաջին փոխվարչապետի պաշտօնակատար Արարատ Միրզոյեանը, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Փիոթր Սվիթալսքին, Գերմանիոյ դեսպան Մաթիաս Քիսլըրը, Մեծ Բրիտանիոյ դեսպան Ճուտիթ Ֆարնուորթը, Շուէտի դեսպանութեան գործերու հաւատարմատար Մարթին Ֆրետրիքսոնը, եւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Շոմպի Շարփը ստորագրած են «Հայաստանի մէջ ընտրական գործընթացներու աջակցութիւն» ծրագրի մեկնարկը ազդարարող փաստաթուղթ, որու հիման վրայ ալ գումարը պիտի յատկացուի:

Ծրագրի նպատակն է 9 դեկտեմբերին ունենալ թափանցիկ, վստահելի, արդար, ազատ ընտրութիւններ, ստորագրելով փաստաթուղթը՝ յայտարարած է առաջին փոխվարչապետի պաշտօնակատար Արարատ Միրզոյեանը։

Ծրագրի նպատակն է ապահովել 2017 թուականի ընտրութիւններուն ներմուծուած ընտրողներու նոյնականացման սարքերու շարունակական կիրառումը, ապահովել քուէարկութեան օրը ընտրատեղամասերու եւ քուէարկութեան արդիւնքներու ամփոփման ուղիղ հեռարձակումը 2000 ընտրատեղամասերէ, բարելաւել ընտրողներու գրանցման գործընթացը եւ այլն։

«Մի՛ վաճառէք ձեր ձայները, կաշառք մի՛ վերցնէք», – դիմելով հայաստանցիներուն՝ ըսած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դեսպան Փիոթր Սվիթալսքին՝ յորդորելով գալիք ընտրութիւնները դարձնել Հայաստանի պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած լաւագոյն ընտրութիւնները, որոնք կրնան օրինակ դառնալ այլ երկիրներու համար:

«Մենք կը հաւատանք, որ նոր Հայաստանի մէջ ունինք բոլորովին նոր քաղաքական մթնոլորտ։ Մենք կը հաւատանք, որ կառավարութիւնը եւ ընտրական գործընթացին մասնակցող միւս հիմնարկները ունին քաղաքական կամք՝ ընտրութիւններու իրականացման լաւագոյն չափանիշները ապահովելու համար։ Սա ինձ թոյլ կու տայ ըլլալ շատ լաւատես, քանի որ քաղաքական կամքի առկայութիւնը շատ էական է։ Իսկ Հայաստանի քաղաքացիները մեծ ակնկալիքներ ունին։ Կը կարծեմ՝ Ապրիլ-Մայիսին տեղի ունեցածէն ետք հայաստանցիները իսկապէս գիտեն ու կը հասկնան, թէ ընտրութիւնները որքան կարեւոր են երկրի ապագային համար։ Այնպէս որ մենք եւս կը սպասենք այս ընտրութիւններուն, եւ ինչպէս ըսած եմ՝ կը պատրաստուինք Հայաստանի մէջ կայանալիք լաւագոյն ընտրութիւններուն, ինծի յուսախաբ չընէք, կը խնդրեմ», – ըսած է Սվիթալսքին։

Հարցին, թէ հնարաւո՞ր է դեկտեմբերեան ընտրութիւններէն ետք Եւրոմիութիւնը նոր որակի յարաբերութիւններ հաստատէ Հայաստանի հետ, Սվիթալսքին պատասխանած է. – «Պատրաստակամ ենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարձրացնելու նոր մակարդակի, եւ այդ ընելու համար գործիք ունինք՝ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Կը հաւատանք, որ [գալիք] ժողովրդավարական ընտրութիւններու արդիւնքով Հայաստանի մէջ պիտի հաստատուի կայուն, օրինական ու վստահելի կառավարութիւն, որ շատ կարեւոր է Եւրոմիութեան հետ երկարատեւ համագործակցութեան համար: Պիտի շարունակենք մեր սկսած երկխօսութիւնը Հայաստանի ներկայիս կառավարութեան հետ այն ուղիներու վերաբերեալ, որոնցմով Եւրոմիութիւնը կրնայ օժանդակել Հայաստանին՝ արդիականացնելու իր տնտեսութիւնը, քաղաքական, արդարադատութեան, ընկերային, կրթական եւ այլ համակարգերը: Այո՛, այս ընտրութիւնները կրնան շատ կարեւոր կէտ ըլլալ եւ օգնել, որ մեր յարաբերութիւնները աւելի ամուր դառնան: Ներկայիս կը քննարկենք ֆինանսական նոր՝ քանի մը տարի ընդգրկող հայեցակարգ, Եւրոմիութեան նոր մեծ պիւտճէն, ուստի սա շատ յարմար պահ է խօսելու յաւակնոտ ծրագիրներու, նախագիծերու մասին եւ ներառել այն Եւրոմիութեան երկարատեւ ծրագիրներուն մէջ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment