Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Երրորդ Հանրապետութեան Պատմութեան Մէջ Լաւագոյն Ընտրութիւնները Պիտի Ունենանք »․ Փաշինեան

«Երրորդ Հանրապետութեան Պատմութեան Մէջ Լաւագոյն Ընտրութիւնները Պիտի Ունենանք »․ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետի պաշտոօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, Ազգային ժողով- կառավարութիւն հարցուպատասխանի ժամանակ վստահեցուցած է, որ 9 Դեկտեմբերին կայանալիք ընտրութիւններուն ժողովուրդի կամքի խեղաթիւրում պիտի չըլլայ։

«Երրորդ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ ունենալու ենք լաւագոյն ընտրութիւնները», – յայտարարած է Փաշինեանը:

Պատասխանելով պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեանի այն հարցին, թէ ի՞նչ քայլեր կ’առնուին, որպէսզի ի վերջոյ ունենանք կատարեալ ընտրական ցուցակներ, քանի որ գրեթէ բոլոր ընտրութիւններուն անոնք խնդրայարոյց եղած են, վարչապետի պաշտօնակատարը տեղեկացուցած է՝ ոստիկանութիւնը այս պահուն կ’աշխատի ընտրացուցակներուն վրայ:

«Այո, ընտրական ցուցակների վրայ՝ եւ ՏԻՄ ընտրութիւնների ժամանակ եւ Երեւանի աւագանու ընտրութիւնների ժամանակ աշխատանք կատարուել է եւ այսօր էլ կատարուում է», – նշած է Փաշինեանը: – «Ոստիկանութեան պետն ինձ զեկուցել է, որ հիմա ոստիկանութիւնը ցուցակների վրայ աշխատում է, այդ թուում՝ թաղման բիւրոների հետ համագործակցութեամբ, որովհետեւ նախկինում պարզուում է, որ մահացած անձանց վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը ստացուել է այլ կառոյցներից եւ ուղիղ աշխատանք թաղման բիւրոների հետ չի եղել։ Հարցը հետեւեալն է՝ թէ արդեօք այս ընտրութիւններին մենք կ’ունենանք կատարեալ ցուցակներ։ Կատարեալ ցուցակ ասելը չափելի չէ, բայց որ մենք անընդհատ ձգտում ենք կատարելութեան եւ այս ուղղութեամբ աշխատանք է արուում դա միանշանակ է»։

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանէն բացակայող ընտրողներուն, ապա անոնց անունները ցուցակներէն հանելու ընտրական մեխանիզմ, վարչապետի պաշտօնակատարի խօսքով, չկայ: Ըստ Փաշինեանի, յետագային թերեւս կատարուին այնպիսի փոփոխութիւններ, որոնք այդ մէկը հնարաւոր կը դարձնեն:

Ի դէպ, վարչապետի պաշտօնակատարը խորհրդարանի ամպիոնէն կրկին զգուշացուցած է՝ որեւէ քաղաքական ուժ չփորձէ ընտրութիւններուն վարչական լծակ կիրառել, որ ուժէն ալ նման քայլեր ըլլան՝ կտրուկ հակազդեցութեան պիտի արժանանան։

Տիգրան Ուրիխանեանը յիշեցուցած է, որ ժամանակին խօսակցութիւններ կային, թէ «տպուում են նոր անձնագրեր, մի բնակարանի վրայ գրանցուում են տարբեր մարդիկ, ընդ որում սեփականատիրոջից անկախ»: Այս առնչութեամբ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, թէ կը բացառէ, որ նման բան այսօր Հայաստանի մէջ տեղի ունենայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment