Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ ԿՎ Ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանի Հանդիպումները Լիբանանի մէջ

ՍԴՀԿ ԿՎ Ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանի Հանդիպումները Լիբանանի մէջ

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին ունեցաւ հրապարակային ելոյթ եւ հանդիպումներու շարք մը կրօնական առաջնորդներու եւ քաղաքական դէմքերու հետ:

sarafian-aram-1

Ընկ. Սարաֆեան ընկերակցութեամբ Կեդրոնական վարչութեան անդամ անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանի եւ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի, այցելեցին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Հանդիպումը առիթ եղաւ ընդհանուր վերարժեւորում մը կատարելու հայ ժողովուրդը, հայրենիքը, եկեղեցին ու Սփիւռքը յուզող հարցերուն ու դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն շուրջ: Վեհափառ Հայրապետը եւ կուսակցութեան պատուիրակութեան անդամները կարեւորութեամբ շեշտեցին, որ տեսակէտերու եւ շեշտաւորումներու տարբերութիւնները պահելով հանդերձ, թէ՛ ներհայաստանեան, թէ՛ միջկուսակցական եւ թէ՛ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց առնչութեամբ անհրաժեշտ է հայ ժողովուրդին միասնականութիւնը ամրապնդել ու ծաւալել՝ ի խնդիր Հայաստանի առաւել հզօրացման ու ծաղկման:

sdhp-catholic

Պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարք-կաթողիկոսին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ: Տեսակցութիւններուն ընթացքին մանրամասնօրէն արծարծուեցան Հայաստանի նորագոյն զարգացումները, Հնչակեան կուսակցութեան դիրքորոշումները, Սփիւռքի մէջ տիրող իրավիճակը եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները:

sarafian-evengalical

Նոյեմբեր 11-ի երեկոյեան, Պէյրութի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի «Արմէն եւ Բերսաբէ Ճէրէճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած իր հրապարակային ելոյթի ընթացքին Ընկ. Սարաֆեան յայտարարեց որ, պէտք չէ կորսնցնենք մեր հայրենիքի բարգաւաճման եւ պետութեան հանդէպ վստահութեան վերականգնման այս ոսկեայ առիթը:

«Նոր Հայաստան, նոր մարտահրաւէրներ» խորագրեալ բանախօսութեան մէջ, Ընկ. Սարաֆեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ անկախութեան օրերէն ի վեր տիրող կացութիւնը, ընկերատնտեսական անարդարութեան հիմքերը եւ այս տարի տեղի ունեցած յեղափոխութեան ծնունդ տուող պատճառները: Ան խօսեցաւ դատական համակարգի անարդարութեան եւ իշխանութեան երեք սիւներուն միջեւ անհաւասարակշռութեան մասին: Ընկ. Սարաֆեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան կը դիմագրաւէ բազմաթիւ ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներ, սակայն վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ եւ Սփիւռքի զօրակցութեամբ պատրաստ է ուղղուելու բարգաւաճման ուղիով: Ան վերահաստատեց, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը, ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր եւ միշտ պիտի կանգնի հայկական պետականութեան կողքին:

sarafian-lebanon-4

Երեկոյին ներկայ էին ՀՀ հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեան, Լիբանանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Սրբազան հօր ներկայացուցիչ Տ. Ղեւոնդ Ա. Քհնյ. Լօշխաճեան, Պէյրութի Քաղաքապետարանի անդամ, ՀԿԲՄ-ի ատենապետ Արամ Մալեան, Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Միսաք Նաճարեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Վազգէն Ժամկոչեան, ինչպէս նաեւ Հնչակեան կուսակցութեան մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ եւ կուսակցութեան հովանաւորութիւնը վայելող միաւորներու անդամներ:

sarafian-lebanon-6

Բանախօսութենէն առաջ ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղուեցան Փարամազի կիսանդրիին առջեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment