Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՊԿ Գագաթնաժողովի Երկիրները Նոր Գլխաւոր Քարտուղարի Հարցին Շուրջ Ընդհանուր Յայտարարի Չեն Եկած

ՀԱՊԿ Գագաթնաժողովի Երկիրները Նոր Գլխաւոր Քարտուղարի Հարցին Շուրջ Ընդհանուր Յայտարարի Չեն Եկած

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ մասնակցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթնաժողովին, որու հիմնական  «էնթրիկ»ը  կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի նշանակման հարցն է:

ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու ղեկավարները այս հարցը երկար քննարկած են եւ ընդհանուր յայտարարի չեն եկած։

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի նշանակման հետ կապուած հարցին: Կողմերը պայմանաւորուած են հարցի շուրջ քննարկումները շարունակել սոյն թուականի 6 դեկտեմբերին` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայանալիք հանդիպման ընթացքին: Միաժամանակ, աշխատանքներ պիտի տարուին գլխաւոր քարտուղարի լիազօրութիւններու վաղաժամ դադարեցման հետ կապուած հարցերը կարգաւորող համապատասխան չափանիշերու մշակման ուղղութեամբ:

Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով գագաթնաժողովէն յետոյ յայտարարած էր․ – «Պետութիւններու ղեկավարները զգալի ժամանակ յատկացուցին ՀԱՊԿ նոր գլխաւոր քարտուղարի հարցին, պայմանաւորուած են վերջնական որոշումը այս հարցով կայացնել 6 դեկտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Մինչ այդ գլխաւոր քարտուղարի պարտականութիւնները պիտի շարունակէ կատարել Վալերի Սեմերիքովը»:

Ռուսական «Քոմերսանթ»-ի թղթակից Անտրէ Քոլեսնիքովը գրած է, որ հիմնական բանավէճը Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւի եւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ էր, կազմակերպութեան անդամ միւս անդամ պետութիւններու ղեկավարները, այդ շարքին նաեւ՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը, համաձայն էին ցանկացած սենարի։ Նազարպաեւը կը պնդէր, որ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնին պէտք է ըլլայ Պելառուսի ներկայացուցիչը, Փաշինեանը, իր հերթին, կը պնդէր, որ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնին մինչեւ 2020 թուականը պէտք է ըլլայ Հայաստանի նոր ներկայացուցիչը։ Աւելի վաղ նոյն «Քոմերսանթ»-ը գրած էր, որ Փաշինեանը այս հարցի վերաբերեալ անզիջող է։

Ռուսական РБК-ն մէջբերած է Նազարպաեւի խօսքերը․ – «Իհարկէ, Հայաստանը կ’ուզէ, որ իր ներկայացուցիչը շարունակէ ղեկավարել ՀԱՊԿ քարտուղարութիւնը: Բոլոր երկիրներու ղեկավարները, սակայն, գագաթնաժողովի ժամանակ ըսին, որ մէկ տարի մնացած է, եւ այդ ժամկէտին մէջ նոր գլխաւոր քարտուղարը չի հասցներ նոյնիսկ այցելել կազմակերպութեան անդամ բոլոր երկիրները: Այդ պատճառով, մեզի անհրաժեշտ է նորմալ գործող գլխաւոր քարտուղար՝ Պելառուսի ներկայացուցիչը»:

«Մոսկովսկի կոմսոմոլեց»-ը գրած է, որ այսքան կրքոտ քատրային քննարկում գագաթնաժողովներուն դեռ չէր եղած, եւ ՀԱՊԿ ղեկավարները երեք ժամէն աւելի տեւած քննարկումներուն չեն կրցած որոշում կայացնել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment