Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Թրամփիզմի» Մերժումը

«Թրամփիզմի» Մերժումը

by MassisPost

Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած Համաամերիկեան՝ նախագահական կիսաշրջանի ընտրութիւնները առաջին հերթին մերժում էին երկու տարի առաջ անակնկալօրէն նախագահի պաշտօնին տիրացած Տանոլտ Թրամփին ու անոր վարած քաղաքականութեան:

Ներկայացուցիչներու Տունէն ներս իշխանութեան փոփոխութիւնը պարզապէս մէկ կուսակցութենէն, մէկ այլ կուսակցութեան անցում մը չէր: Այս փոփոխութիւնը քաղաքական երկրաշարժ պիտի յառաջացնէ երկրէն ներս:

Նախագահ Թրամփ իր պաշտօնավարման առաջին տարիներուն, Գոնկրէսի երկու պալատներէն ներս իր կողքին ունենալով Հանրապետական մեծամասնութիւն, երկիրը առաջնորդեց սխալ ուղղութեամբ: Ան փորձեց եւ մասամբ յաջողեցաւ ջնջել նախագահ Օպամայի օրով հաստատուած առողջապահական օրէնքը, որ միլիոնաւոր Ամերիկացիներուն առիթ տուած էր ապահովագրութիւն ունենալ: Անտեսեց միջավայրի պահպանութեան ուղղուած օրէնքները, մեծահարուստներուն տուաւ հարկային յաւելեալ արտօնութիւններ, այդպիսով ազգային պարտքը աւելցնելով մէկ ու կէս թրիլիոն տոլարով, Գերագոյն Դատարանէն ներս նշանակեց ծայրայեղ պահպանողական դատաւորներ, գաղթականներու զաւակները անջատեց իրենց ծնողներէն եւ բազմաթիւ այլ որոշումներ, որոնք ընդունելի չէին ժողովուրդի մեծամասնութեան կողմէ:

Այս բոլորի կողքին, Թրամփ փոխանակ միաւորելու ժողովուրդը եւ բոլորի նախագահը դառնալու, երկրէն ներս ստեղծեց պառակտում՝ տարբեր համայնքներու, կրօնքներու եւ փոքրամասնութիւններու միջեւ: Թրամփ, մարդկային զգացումներ քրքրող ելոյթներով իր կողմնակիցները դարձուց «աղանդաւորներ», որոնք կուրօրէն սկսան հաւատալ իր ըսածներուն, հակառակ որ, անոր խօսքերուն մեծ մասը հիմնուած են սուտի եւ կեղծիքի վրայ:

Ներկայացուցիչներու Տան վերապահուած է նախագահի գործունէութիւնը վերահսկողի դեր: Սակայն, Հանրապետականները թերացան ստանձնել այդ սահմանադրական պարտականութիւնը: Դեմոկրատները վերատիրանալով Ներկայացուցիչներու Տան, այժմ պիտի կարողանան զսպել Թրամփի սանձարձակ գործողութիւնները՝ զինք հրաւիրելով պատասխանատուութեան:

Այս ընտրութիւններուն Ամերիկայի ժողովուրդը քուէարկելով Դեմոկրատներուն, մերժեց Թրամփն ու անոր վարած «թրամփիզմը»:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment