Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Պայպուրթեան Այցելեց ՍԴՀԿ Գրասենեակ

ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Պայպուրթեան Այցելեց ՍԴՀԿ Գրասենեակ

by MassisPost

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 9-ին, ՍԴՀԿ Կլէնտէլի գրասենեակը այցելեց Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Պայպուրթեան, ընկերակցութեամբ Հիւպատոսութեան երկրորդ քարտուղար՝ Կանա Յովհաննիսեանի:

Յարգելի հիւրերը ընդունուեցան ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի անդամներուն, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, Հայ Մարմնամարզական Միութեան եւ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Վարիչ Մարմինի ատենապետ Գրիգոր Խոտանեան բարի գալուստ մաղթելով շնորհաւորեց գլխաւոր հիւպատոսնի իր պաշտօնի ստանձման առթիւ: Ան յայտնեց Հնչակեան կուսակցութեան զօրակցութիւնը Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն եւ պատրաստակամութիւնը՝ Հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման ուղղուած Հիւպատոսութեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն:

Պր. Պայպուրթեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար ու ներկայացուց այն հիմնական ուղղութիւնները, որոնք առաջնահերթութիւն կը հանդիսանան Հիւպատոսութեան յառաջիկայ գործունէութեան ընթացքին, սատարելու համար Հայաստանի տնտեսութեան ամրապնդման եւ այդ աշխատանքներու մէջ սփիւռքահայերու ներգրաւման:

Տեղի ունեցան նաեւ այլազան ծրագիրներու մասին կարծիքներու փոխանակում:

Կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն խնդրանքով Պր. Պայպուրթեան նաեւ ներկայացուց տարածաշրջանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումները, յատկապէս կապուած Արցախեան հարցին, Հայ-Ռուսական եւ Հայ-Իրանական յարաբերութիւններուն: Այս առթիւ ան վստահեցուց որ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Արտաքին Գործոց նախարարութեան վարած քաղաքականութիւնը, այս երեք ուղղութիւններով, շատ աւելի յստակ են քան անցեալին եւ ազդեցիկ պետութիւններն ու միջազգային կառոյցները ըմբռնումով կը մօտենան Հայաստանի դիրքորոշումներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment