Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ասթանայի Մէջ Տեղի Կ’ունենայ ՀԱՊԿ Նստաշրջանը

Ասթանայի Մէջ Տեղի Կ’ունենայ ՀԱՊԿ Նստաշրջանը

by MassisPost

Ասթանայի մէջ տեղի կ’ունենայ ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանը, կը փոխանցէ Tengrinews-ը: Միջոցառման կը մասնակցին Ղազախստանի, Ռուսաստանի, Պելառուսի, Ղրղզստանի, Տաճիկստանի նախագահներ Նուրսուլթան Նազարպայեւը, Վլատիմիր Փութինը, Ալեքսանտր Լուքաշենկոն, Սոորոնպայ Ժեէնպեքովը, Էմոմալի Ռահմոնը, Հայաստանը կը ներկայացնէ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը:

Նստաշրջանը բանալով՝ Նուրսուլթան Նազարպաեւ ըսած է, որ նստաշրջանի շրջագիծէն ներս պիտի լսեն ՀԱՊԿ քարտուղարութեան տեղեկատուութիւնը, պիտի ամփոփուին 2018 թուականին Ղազախստանի նախագահութեան արդիւնքները, իսկ ղրղզական կողմը պիտի ներկայացնէ ՀԱՊԿ-ի մէջ իր նախագահութեան առաջնահերթ ուղղութիւնները, քանի որ այն կ’անցնի այս երկրին: ՀԱՊԿ կայքի տեղեկութիւններով՝ Խորհուրդի անդամները նաեւ նախատեսած են քննարկել միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան, արտաքին քաղաքական գործունէութեան համակարգման, մարտահրաւէրներուն ու սպառնալիքներուն հակազդելու մեխանիզմներու կատարելագործման եւ կազմակերպութեան ռազմական ներուժի զարգացման հարցերը:

Կը նախատեսուի ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի հռչակագիրի ընդունում: Խորհուրդի նստաշրջանի օրակարգի վրայ է պետութիւններու ղեկավարներու յայտարարութեան նախագիծը միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու զինուած հակամարտութիւններու մասնակիցներու նկատմամբ  համակարգուած միջոցառումներու մասին:

Պետութիւններու ղեկավարները շարք մը հարցեր պիտի քննարկեն նեղ կազմով: Օրակարգի որոշ կէտեր պիտի քննարկուին Արտաքին գործոց, պաշտպանութեան նախարարներու եւ պետութիւններու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու, ինչպէս նաեւ Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնակատարի մասնակցութեամբ լիագումար նիստի ժամանակ:

Կը սպասուի, որ ստորագրուին ՀԱՊԿ պետութիւններու շահերու շրջագիծէն ներս համակարգուած տեղեկատուական քաղաքականութեան զարգացման միջոցառումներու ծրագիրը եւ մինչեւ 2025 թուականը ապօրինի գաղթին հակազդելու հաւաքական համակարգի զարգացման ծրագիրը: Պիտի քննարկուին նաեւ ՀԱՊԿ ռազմական բաղկացուցչի յետագայ կատարելագործման հարցերը եւ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան հակազդելու հարցերով իրաւասու մարմիններու ղեկավարներու Համակարգման խորհուրդի մասին դրոյթներու նախագիծը:

Խորհուրդը որոշում պիտի ընդունի 2019 թուականին ՀԱՊԿ աշխատանքային մարմիններու գործունէութեան նիւթական ապահովման հարցերով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment