Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանի ու Արցախի Մէջ Ռազմագերիներ Չկան. Դաւիթ Տօնոյեան

Հայաստանի ու Արցախի Մէջ Ռազմագերիներ Չկան. Դաւիթ Տօնոյեան

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գերիներու փոխանակման պաշտօնական առաջարկ չկայ, լրագրողներուն ըսած է Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանը։ Ան ըսած է, որ գերիներու փոխանակման յանձնաժողովը շուտով պիտի վերսկսի իր աշխատանքները։ Տօնոյեանի խօսքով` յանձնաժողովի աշխատանքները այս փուլին կը ղեկավարէ ինքը, մէկ նիստ արդէն ըրած է։

Մամուլի հրապարակումը, թէ ատրպէյճանական կողմէն պաշտօնական առաջարկ եղած է գերիներու փոխանակման համար, Տօնոյեանը հերքած է։ Ան ըսած է, որ այդ մասին իմացած է լրատուամիջոցներէն, որեւէ պաշտօնական առաջարկ հայկական կողմը չէ ստացած։

Նշենք, որ Ատրպէյճանի մէջ այս պահուն Հայաստանի երեք քաղաքացիներ կը պահուին։ Իսկ հայկական կողմին մօտ գտնուող երեք ատրպէյճանցիները դատապարտուած են ծանր յանցագործութիւններու համար։ Տօնոյեանի խօսքով` անոնք ռազմագերիներ չեն։ Հարցին, թէ հնարաւո՞ր է գերիներու փոխանակման հարցը քննարկուի, Դաւիթ Տօնոյեանը պատասխանած է` եթէ Հայաստանի կամ Արցախի մէջ ըլլան ռազմագերիներ, այո։ Այս պահուն, սակայն, ռազմագերիներ չկան։

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանը ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններու քարոզարշաւին պիտի չմասնակցի, լրագրողներուն ըսած է Տօնոյեանը: Ան նշած է, որ քարոզարշաւին պիտի չմասնակցի, որովհետեւ պէտք է ապահովէ Զինուած ուժերու քաղաքական գործընթացներէն դուրս ըլլալը, սա իր սկզբունքային մօտեցումն է:

«Հաշուի առնելով, որ Զինուած ուժերը պէտք է քաղաքական գործընթացներից դուրս լինեն, պաշտպանութեան նախարարի՝ որեւէ կուսակցութեան մէջ ներգրաւելը, իմ անձնական կարծիքով, անքան էլ ճիշդ չէ»,- ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment