Չորս ժամկէտային զինծառայող մահացած է Գորիսէն Լեռնային Ղարաբաղ տանող ճանապարհին տեղի ունեցած վթարի հետեւանքով։ Եւս 17-ը վիրաւորուած է։
Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակի փոխանցմամբ՝ մեքենային մէջ եղած է 21 զինծառայողներ: Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի՝ 21-էն 17 զինծառայողի կեանքին վտանգ չի սպառնար, 8-ը ստացած են տարբեր տեսակի մարմնական վնասուածքներ:
«Այսօր ցերեկը Գորիսի մօտակայքում ռազմական բեռնատար մեքենայ է կողաշրջուել, որը տեղափոխում էր շարքային անձնակազմին, ցաւօք, վթարի հետեւանքով ունենք զոհեր եւ վիրաւորներ, վիրաւորների վիճակն այս պահին ճշդուում է, նրանց տեղափոխել են հիւանդանոցներ, լրացուցիչ դրա մասին կը յայտնենք», – ըսած է Յովհաննիսեանը։
Վիրաւորները տեղափոխուած են Սիսիանի հիւանդանոց եւ Գորիսի բժշկական կեդրոն։ Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակը յայտնած է, որ նախնական տեղեկութիւններով որեւէ մէկը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ չէ: Բոլոր 4 զոհերը 20 տարեկան էին։ Ան նաեւ հրապարակած է զոհերու անունները՝ Հայրապետ Վոլոտիայի Նայիրեան, Հրանդ Արայի Գասպարեան, Էրկար Արմէնի Յունանեան, Դաւիթ Բենիամինի Մելքոնեան։
Սիսիանի հիւանդանոցէն «Ազատութեան» փոխանցած են, որ վիրաւորներէն 14-ը իրենց մօտ բուժզննումէ անցած են։
Առաւել ծանր վիրաւորումներ ստացած 3 զինծառայողները Գորիսի բժշկական կեդրոն տեղափոխուած են:
Վթարի պատճառները դեռ պարզ չեն։