Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արտախորհրդարանական Ուժերը Մտահոգուած են՝ Գործող ԸՕ-ով Ապաքաղաքական Խորհրդարան Պիտի Ձեւաւորուի

Արտախորհրդարանական Ուժերը Մտահոգուած են՝ Գործող ԸՕ-ով Ապաքաղաքական Խորհրդարան Պիտի Ձեւաւորուի

by MassisPost

Գործող Ընտրական օրէնսգիրքով արտահերթ ընտրութիւններու իրականացումը մտահոգած է արտախորհրդարանական շարք մը քաղաքական ուժերու:

Հայ ազգային քոնկրեսի փոխնախագահ Արամ Մանուկեանը մտահոգուած է, թէ Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու նախագիծով պիտի ստեղծուէր քաղաքական խորհրդարան ձեւաւորելու հնարաւորութիւն, իսկ գործող տարբերակով անխուսափելի են նախկին իշխանութեան բնորոշ արատաւոր երեւոյթները:

«Արդէն ակնյայտ է, որ գաղափարական մրցակցութիւն չի լինելու, արդէն ակնյայտ է, որ ծրագրային մրցակցութիւն չի լինելու եւ երեւի արդէն ակնյայտ է, որ լինելու է կրկին սեւի ու սպիտակի պայքար, լինելու է իշխանութեան եւ հակաիշխանութեան պայքար, եւ այդ պայքարի մէջ այդ քաղաքական քոմփոնենթը (բաղադրիչ) կորելու է», – ըսած է Արամ Մանուկեանը։

Քոնկրեսի մէջ նոր Ընտրական օրէնսգիրքի տապալումէն ետք կը շարունակուին քննարկումները՝ մասնակցի՞լ արտահերթին, թէ՞ ոչ, եւ արդեօ՞ք իրենց ծրագիրը  վարկանշային թեկնածուներու կանխատեսելի ընտրապայքարին մէջ մրցակցային պիտի ըլլայ:

«Քննարկումները շարունակուում են, բայց ակնյայտ է, որ մեր խաղաքարտը, ծրագիրը, ազատական տնտեսութեան ներկայացումը որպէս Հայաստանի զարգացման մոտել այլեւս լուրջ խաղաքարտ չի լինելու յառաջիկայ մրցակցութեան համար», – նշած է Հայ ազգային քոնկրեսի փոխնախագահը։

Նոր Ընտրական օրէնսգիրքի տապալումը չէ փոխած «Ժառանգութեան» որոշումը: Անկախ ակնկալիքներէն՝ պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն: Դեռ չեն կողմնորոշուած մասնակցութեան ձեւաչափի եւ ցուցակը գլխաւորող թեկնածուի հարցի վերաբերեալ:

««Ժառանգութիւնը» բռնութիւնների պայմաններում է մասնակցել ընտրութիւններին, ահաբեկումների շրջանում է մասնակցել ընտրութիւններին եւ մեզ համար որեւէ խնդիր չկայ մասնակցելու առումով այդ տեսանկիւնից», – ընդգծած է «Ժառանգութեան» վարչութեան նախագահ Արմէն Մարտիրոսեանը:

Մարտիրոսեանը մտավախութիւն ունի, որ գործող Ընտրական օրէնսգիրքը նախկին իշխանութիւն՝ Հանրապետականի համար վերակենդանացման որոշակի հնարաւորութիւն կը ստեղծէ, եւ այդ անխուսափելի կը դարձնէ նախկին գործելաոճը:

«Սասնայ ծռեր» կուսակցութեան ղեկավար մարմնի անդամ Վարուժան Աւետիսեանի կանխատեսմամբ՝ դժուարութիւններ սպասելի են, բայց իրենց համակիրներու շրջանին յենարան պիտի ունենան․ – «Ես մտավախութիւն ունեմ, որ նաեւ կը լինեն ընտրութիւնները կեղծելու փորձեր, որոնց մի մասը կամ մի զգալի մասը, քանի որ շատ կարգաւորուած մեխանիզմ էր նոյնիսկ հնարաւոր չի լինի բացայայտել եւ պատասխանատուութեան ենթարկել մեղաւորներին։ Այսինքն նաեւ խախտումներով կ’անցնեն ոմանք։ Տեղական խանիկները նորից հնարաւորութիւն են ստանում թափանցելու խորհրդարան, ցաւօք սրտի քաղաքական կամքը ժողովրդի ամբողջութեամբ չի արտացոլուելու խորհրդարանում»։

Արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչները թերահաւատ են, թէ իշխանութիւնը կը յաջողի մարզերուն մէջ ամբողջապէս վերահսկել իրավիճակը:

Արամ Մանուկեանը կ’ափսոսայ, որ ժողովուրդի աջակցութիւնը վայելող իշխանութիւնը աւելի վաղ չլծուեցաւ Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութեան․ – «Սա հրաշալի առիթ էր, որ Հայաստանում կարելի էր ժողովրդավարական ընտրութեան մեխանիզմ ստեղծել եւ նոր մշակոյթ ստեղծել յեղափոխութեան արդիւնքում, կասկածանքի տակ դրուեց»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment