Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Աշոտեան. ՀՀԿ-ի Ապագայի Վերաբերեալ Փաշինեանի Մտահոգութիւնը «Կոկորդիլոսի Արցունքներ են»

Արմէն Աշոտեան. ՀՀԿ-ի Ապագայի Վերաբերեալ Փաշինեանի Մտահոգութիւնը «Կոկորդիլոսի Արցունքներ են»

by MassisPost

Հանրապետականի ապագայի վերաբերեալ Նիկոլ Փաշինեանի մտահոգութիւնը «կը յիշեցնէ կոկորդիլոսի արցունքներ»։ Այդ մասին նշած է Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) փոխնախագահ, խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեանը՝ արձագանգելով խորհրդարանին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հանրապետականի վերաբերեալ ըրած յայտարարութիւններուն։

«ՀՀԿ-ին արմատախիլ անելու կոչեր անող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մտահոգութիւնը ՀՀԿ ապագայով, իհարկէ, յիշեցնում է կոկորդիլոսի արցունքներ։ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ապագան կախուած է բացառապէս Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անդամներից եւ հասարակութիւնից, ով պէտք է պատրաստակամութիւն ունենայ թարմացած, բարեփոխուած ՀՀԿ-ին տալու իր ձայնը՝ ելնելով այն հանգամանքից, որ Հանրապետականն է ներքաղաքական դաշտում բացառիկ ընդդիմադիր ուժը, որն ունի նաեւ յստակ ազգային գաղափարախօսական հիմք», – ըսած է Աշոտեանը։

Աշոտեանը նաեւ ըսած է, որ Ընտրական օրէնսգիրքի շուրջ  էնթրիկները ուղղակի անթոյլատրելի են։

«Ընտրական օրէնսգրքի շուրջ մանիփուլիացիաներն ուղղակի անթոյլատրելի են, ոչ մի աղերս չունեն ժողովրդավարութեան հետ եւ վկայում են այն մասին, որ քանի դեռ սուրն իրենց կտրում է, պատրաստ են կտրել ամէն ինչ», – նշած է ՀՀԿ փոխնախագահը՝ շարունակելով. – «Շատ աւելի ցանկալի կը լինէր, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը եւ ապագայ վարչապետ դառնալու յաւակնութիւն ունեցող անձն, իր ելոյթում՝ Ազգային ժողովում, աւելի շատ խօսեր տնտեսութեան մասին, երկրի անվտանգութեան մասին, երկրի արտաքին քաղաքականութեան մասին։ Ցաւօք, երէկուայ ելոյթը կրկին ապացուցեց, որ վարչապետի համար ներքին քաղաքական խաղերը շատ աւելի կարեւոր են դառնում, քան երկրի առջեւ ծառացած բազմաթիւ մարտահրաւէրները եւ բուն այն ոլորտները, որոնց համար վարչապետը կրում է ուղղակի պատասխանատուութիւն»։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment