Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ «Հայաստան Պողոտայ» Նիւ Եորքի Քուինզ Շրջանին Մէջ

«Հայաստան Պողոտայ» Նիւ Եորքի Քուինզ Շրջանին Մէջ

by MassisPost

Կիրակի, Սեպտեմբեր 30, 2018, Պէյսայտի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ բացման արարողութիւն մը՝   եկեղեցւոյ անկիւնադարձի ճանապարհը վերանուանուեցաւ «Հայաստան Պողոտայ»:

Այս առթիւ եկեղեցական պատարագ կատարեց Սրբազան Խաժակ Արք. Պարսամեանը:  Շրջանի բոլոր հայկական վարժարաններու աշակերտները  մասնակցեցան սոյն արարողութեան՝ ծածանելով հայկական դրօշը եւ երգելով հայկական երգեր:

Այս արարողութիւնը հետաքրքրականօրէն զուգադիպեցաւ Պէյսայտի Սբ. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60-ամեակին, սակայն  պողոտան  վերանուանելու  ջանքերը սկսած էին երեք տարի առաջ՝ Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին եւ Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի մարմնին կողմէ, առաջնորդութեամբ Հայր Մալխասեանի, Տօքթ. Լին Չէթինի, Կարօ Սէքտորեանի եւ գաղութի այլ անհատներու  նեցուկով:

Այս արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հրեայ Ռապայ Մոնաշ Պովիթ եւ ծխական խորհուրդի ատենապետ` Արամ Ջամիջեան:

Մօտ 15,000  Հայեր կ՛ապրին Քուինզ, Նիւ Եորք:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment