Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Երիտթուրքերու Պատմութեան Եւ Գաղափարախօսութեան Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով Ֆրեզնոյի Մէջ

Երիտթուրքերու Պատմութեան Եւ Գաղափարախօսութեան Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով Ֆրեզնոյի Մէջ

by MassisPost

«Իթիհատ եւ Թարաքի, հիմնադիրներ, գաղափարախօսութիւն եւ կառոյց» խորագրի տակ, Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի (Ֆրեզնօ) Հայագիտական հիմնարկի նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ երկօրեայ միջազգային գիտաժողով Ուրբաթ, 12  Հոկտեմբեր եւ Շաբաթ, 13  Հոկտեմբեր 2018-ին, համալսարանի Business Center-ին մէջ (5245 N. Backer Ave., A. Peters Auditorium, Room 191, Fresno State campus):

Սոյն գիտաժողովը պիտի կեդրոնանայ Իթիհատ եւ Թարաքի (Երիտթուրքերու) կուսակցութեան  գործունէութեան վրայ: Անոնք կը հանդիսանային Օսմանեան Թուրքիոյ քաղաքական առաջնորդները 1908-էն մինչեւ  1915 թուականը եւ անոնց որոշումներու եւ գաղափարախօսութեան  խիստ հետեւանքները ներկայ էին հայոց Ցեղասպանութեան եւ համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին:

sas-Hans-lukas-kieser

Գիտաժողովի մասնակիցները պիտի քննարկեն զանազան հարցեր՝ Իթիհատ եւ Թարաքի կոմիտէութեան  եւ հայերու  փոխ-յարաբերութեան  մասին:

Գիտաժողովի հովանաւորներն են՝ Թոմաս Ա. Գույումճեան Հիմնարկը, Լեւոն Ս. Փիթըրզ հիմնարկը եւ  Մ. Վիքթորիա Գազան հայագիտական հիմնադրամը:

Հայագիտական ամպիոնի  հիմնադիր՝ Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան  պիտի կատարէ սոյն գիտաժողովի բացումը, Ուրբաթ առաւօտ ժամը  10:00-ին: Ապա,  Ֆրանսայէն Տօքթ. Րէյմոնտ Գէորգեան պիտի խօսի, Երիտ. Թուրքերու իշխանութեան եւ գաղափարախօսութեան մասին:

Գիտաժողովի առաջին բաժինը ունի երկու դասախօսներ.- Hans-Lukas Kieser (University of Sydney, Australia) նիւթ՝ “ Talaat Pasha and Ziya Gkalp” եւ Dugu Coskuntuna (Princeton University), նիւթ՝ Homeland and Nation Revisited:

Գիտաժողովը պիտի շարունակուի Շաբաթ օր,  13  Հոկտեմբեր  առաւօտ. ժամը  10:00-ին:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment