Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հանրային Կարծիքի Համաձայն Հայաստանի Ապագայի Նկատմամբ Կայ Համատարած Վստահութիւն

Հանրային Կարծիքի Համաձայն Հայաստանի Ապագայի Նկատմամբ Կայ Համատարած Վստահութիւն

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու պետութեան կողմէ ֆինանսաւորուղ Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկի Հայաստանի մէջ կատարած՝ հանրային կարծիքի ուսումնասիրութեան համաձայն, երկրի ապագայի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան նկատմամբ համատարած վստահութիւն գոյութիւն ունի:

«Հարցախոյզի արդիւնքներուն մէջ արտացոլուած լաւատեսութիւնը ցոյց կու տայ, որ նոր կառավարութիւնը աննախադէպ առիթը ունի գլխաւորելու անհրաժեշտ բարեփոխումները եւ ամրապնդելու Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը»,- ըսած է IRI Եւրասիայի հարցերով տարածաշրջանային տնօրէն Ստիվըն Նիքս:

Հարցման մասնակիցներու 82 տոկոսը կառավարութիւնը գնահատած է «շատ դրական» (39 տոկոս) կամ «հիմնականին մէջ դրական» (43 տոկոս): 63 տոկոսը կը փափաքի, որպեսզի քաղաքական բարեփոխումները կատարուին արագ, իսկ 34 տոկոսը, ընդհակառակը, աւելի աստիճանական բարեփոխումներու կողմնակից է:

Հարցման մասնակիցներու մեծամասնութիւնը (73 տոկոս) կը կարծէ, որ Հայաստանը կ՛ընթանայ ճիշդ ճանապարհով, իսկ 81 տոկոսը կը խորհի, որ ապագան աւելի լաւ պիտի ըլլայ (37 տոկոս) կամ յոյս ունի, որ ապագան աւելի լաւ պիտի ըլլայ (44 տոկոս):
Հարցման արդիւնքները ցոյց կու տան նաեւ դրական գնահատական կոռուպցիայի (փտախտի) դէմ ուղղուած ջանքերուն: Մասնաւորապէս, հարցման մասնակիցներու 81 տոկոսը կը հաւատայ, որ կոռուպցիայի խնդիրը բարելաւուած է, իսկ 15 տոկոսը կը կարծէ, որ կոռուպցիան մնացած է նոյն մակարդակի վրայ: Միայն 2 տոկոսը այն կարծիքին է, որ այս ուղղութեամբ իրավիճակն աւելի վատթարացած է:

Դէմ-դիմաց կատարուած հարցախոյզին մասնակցած են Հայաստանի տարբեր վայրերուն մէջ բնակող եւ ժողովուրդի տարբեր տարիքի ու սերի հատուածները ներկայացնող քաղաքացիներ՝ Յուլիսի 23-Օգոստոսի 15-ը  ժամանակահատուածին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment