Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Մէջ Մեկնարկած է Ֆրանքոֆոնիայի Միջազգային Կազմակերպութեան Նախարարական Համաժողովը

Երեւանի Մէջ Մեկնարկած է Ֆրանքոֆոնիայի Միջազգային Կազմակերպութեան Նախարարական Համաժողովը

by MassisPost

Նախարարական համաժողովը կ’իրականացուի Կարէն Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: Երկօրեայ համաժողովին  կը մասնակցին Ֆրանսախօս երկիրներու անդամ արտաքին գործոց նախարարները, այդ ընթացքին հիմնական կը քննարկուին բուն գագաթնաժողովի օրակարգային հարցերը, կը համաձայնեցուին ընդունուելիք յայտարարութիւնները, ստորագրուելիք փաստաթուղթերը:

Բուն գագաթնաժողովը պիտի իրականացուի 11-12 Հոկտեմբերին:

«Ազատութեան» հետ զրոյցներու ժամանակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը եւ նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեանը ընդգծած են, որ կ’ակնկալուի, որ բանաձեւերուն մէջ ըլլայ նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերող բանաձեւ:

«Մի շարք փաստաթղթեր կան՝ գագաթնաժողովի եզրափակիչ հռչակագիրը ․․․ նաեւ նախատեսուում է, որ ինչպէս արդէն երեք նախորդ գագաթնաժողովներին եղել է, գագաթնաժողովը յայտարարութիւն կ’ընդունի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ»:

Նախարարական համաժողովէն ետք, 10 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ ֆրանքոֆոն երկիրներու տնտեսական ֆորումը:

11 Հոկտեմբերին Ֆրանքոֆոնիայի շաբաթը Հայաստանի մէջ պիտի ամփոփուի կալա համերգով, որուն նախատեսուած էր Շարլ Ազնաւուրի ելոյթը:
«Այս պահի դրութեամբ կարող եմ ասել, որ ամէն ինչ գնում է ըստ փլանաւորուածի, նոյնիսկ աւելին: Իհարկէ, մեծ կորուստ էր մեզ համար Ազնաւուրի մահը, որը նաեւ պէտք է համերգին հանդէս գար: Բայց կալա համերգի երրորդ մասը ամբողջութեամբ Բուն գագաթնաժողովի, ինչպէս նաեւ յարակից միջոցառումների նուիրուած է լինելու Ազնաւուրին եւ նրա ժառանգութեանը», – փոխանցած է Տիգրան Բալայեանը:

«Ազատութեան» հարցին, թէ արդեօք Հայաստանի համար նշանակալի այս իրադարձութիւնը կ’անցնի ծրագրուածին համապատասխան, ի նկատի ունենալով հայաստանեան մամուլի մէջ տեղ գտած մտավախութիւնը, թէ երկրի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները կրնան բացասաբար անդրադառնալ գագաթնաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներուն վրայ, արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեանը պատասխանած է․ – «Թէ՛ բուն գագաթնաժողովի, թէ՛ յարակից միջոցառումների ծրագրից որեւէ շեղում չի եղել: Հակառակը, նոր իշխանութիւնները բաւականին հարստացրել են ծրագիրը: Ամբողջական պատասխանատուութեամբ կարող ենք յայտարարել, որ չունենք որեւիցէ շեղում նախատեսուած ծրագրերից»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment