Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուն կը Հերքէ Ատրպէյճնի մէջ Փենթակոնի Կողմէ Վերահսկուող Կենսաբանական Տարրալուծարանի Մասին Ռուսաստանի Պնդումները

Պաքուն կը Հերքէ Ատրպէյճնի մէջ Փենթակոնի Կողմէ Վերահսկուող Կենսաբանական Տարրալուծարանի Մասին Ռուսաստանի Պնդումները

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն հերքած է Ռուսաստանի ռազմական գերատեսչութեան ներկայացուցիչ Իկոր Քիրիլովի պնդումները, թէ Ատրպէյճանի տարածքին Փենթակոնի կողմէ վերահսկուող կենսաբանական տարրալուծարան կը գործէ:

«Ատրպէյճանի տարածքին գոյութիւն չունի որեւէ տարրալուծարան՝ վերահսկուող այդ պետութեան կողմէն»,- ըստ «Թուրան» գործակալութեան, ըսուած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսաստանի ռազմական գերատեսչութենէն վերջին օրերուն յայտարարած են, թէ ԱՄՆ կենսաբանական զէնք կը մշակէ եւ փորձարկումներ կ’իրականացնէ կարգ մը յետխորհրդային երկիրներու մէջ, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի, Ուքրաինիոյ եւ Ուզպեքստանի մէջ:

Ռուսաստանցի զինուորականները, մասնաւորապէս, կը պնդեն, որ Ատրպէյճանի մէջ այդպիսի 8 տարրալուծարան կը գործէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment