Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ֆելիքս Ցոլակեան Պիտի Ստանձնէ ԱԻՆ Ղեկավարի Պաշտօնը

Ֆելիքս Ցոլակեան Պիտի Ստանձնէ ԱԻՆ Ղեկավարի Պաշտօնը

by MassisPost

Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի նախկին տեղակալ Ֆելիքս Ցոլակեանը պիտի ստանձնէ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարի պաշտօնը: «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ Ցոլակեանը հաստատած է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն իրեն առաջարկած է ղեկավարել արտակարգ իրավիճակներու ոլորտը, ինչին համաձայնած է:

«Դեռ նշանակում չի եղել, ինձ հետ զրուցել են, առաջարկութիւն եղել է՝ ԱԻՆ-ի նախարարի պաշտօնը, ես համաձայնել եմ», – ըսած է Ֆելիքս Ցոլակեանը՝ աւելցնելով, որ համաձայնած է առաջարկին կառավարութեան աջակցելու նպատակով:

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարի պաշտօնը կը զբաղեցնէր ԲՀԿ-ական Հրաչեայ Ռոստոմեանը: Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքին մէջ վիճայարոյց փոփոխութիւններու օրինագծին հանրապետականներու հետ նաեւ «Ծառուկեան» դաշինք եւ ՀՅ Դաշնակցութիւն խմբակցութիւններու պատգամաւորներու կողմ քուէարկելէն ետք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Բաղրամեան պողոտային վրայ հազարաւոր քաղաքացիներու ներկայութեամբ յայտարարած է ՀՅԴ-ի եւ ԲՀԿ-ի նախարարներն ու մարզպետները աշխատանքէն ազատելու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment