Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ոստիկանութեան Նախկին Հրամանատար Լեւոն Երանոսեանի Դէմ Մեղադրանք Առաջադրուած է

Ոստիկանութեան Նախկին Հրամանատար Լեւոն Երանոսեանի Դէմ Մեղադրանք Առաջադրուած է

by MassisPost

Ոստիկանութեան զօրքերու նախկին հրամանատար, ոստիկանութեան    զօրապետ (գեներալ լեյտենանտը), Լեւոն Երանոսեանը կը կասկածուի Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած յեղափոխութեան օրերուն պաշտօնական լիազօրութիւններն անցնելու մէջ։ Խօսքը կը վերաբերի Ապրիլ 16-ին Բաղրամեան պողոտայի վրայ, իսկ Ապրիլ 22-ին Արցախի պողոտայի վրայ ոստիկանութեան կողմէն հանրահաւաքներու մասնակիցներուն նկատմամբ յատուկ միջոցներ՝ մասնաւորապէս լուսաձայնային
նռնակներ կիրառելուն։

Անոր նկատմամբ կիրառուած է խափանման միջոց չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը։

Երանոսեանը կանչուած է Յատուկ քննչական ծառայութիւն (ՀՔԾ)՝ քննչական գործողութիւններու մասնակցելու համար։ Այդ մասին «Ազատութեան» փոխանցած է Յատուկ քննչական ծառայութեան խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը։

Երանոսեանի փաստաբան Տիգրան Սաֆարեանն ալ «Ազատութեան» փոխանցած է, որ սակայն, համաձայն չէ նախաքննական մարմնի հետ եւ կը պնդէ, որ գործած է իր լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ։

«Ազատութեան» հարցին, թէ արդեօք Երանոսեանը հրաման ստացած էր, թէ ինք որոշած էր յատուկ միջոցներ կիրառել, փաստաբան Սաֆարեանն արձագանգած է․ – «ՀՀ օրէնսդրութեամբ պարտադիր չի, որ ոստիկանութեան ծառայողը յատուկ միջոց կամ զէնք կիրառի հրամանով: Էդ միջոցների կիրառման նախապայմաններ կան, եւ եթէ էդ պայմանները բաւարարում են, ապա ոստիկանութեան ծառայողը առանց հրամանի կարող ա կիրառել»:

Արդեօ՞ք Երանոսեանը կատարած է «Ոստիկանութեան մասին» օրէնքով նախատեսուած գործողութիւնները, որոնք պարտադիր են յատուկ միջոցներ կիրառելու համար: Այս հարցին անոր փաստաբանը պատասխանած է․ – «Երանոսեանը անձամբ դժուար թէ կատարէր, բայց ոստիկանութիւնը տեսանիւթերից երեւում ա, որ կատարել ա»:

Տիգրան Սաֆարեանն ըսած է, որ Երանոսեանը կասկածեալի կարգավիճակ ունի 19 Սեպտեմբերէն եւ ըստ օրէնքի եօթնօրեայ ժամկէտին մէջ նախաքննական մարմինը կամ պէտք է մեղադրանք առաջադրէ անոր դէմ կամ ալ դադրեցնէ քրէական հետապնդումը։

Լեւոն Երանոսեանը ոստիկանութեան զօրքերու հրամանատրի պաշտօնէն ազատուած է 2018-ի Մայիսին՝ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրի համաձայն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment