Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի Նախկին Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը Հարցաքննուած է

Երեւանի Նախկին Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը Հարցաքննուած է

by MassisPost

Խորհրդարանի 100-ամեակին նուիրուած տօնական միջոցառման ժամանակ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արթուր Վանեցեանն ըսաւ, որ «Երեւան» հիմնադրամին առնչուող քրէական գործի շրջագիծէն ներս Երեւանի նախկին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը վկայի կարգավիճակով հարցաքննուած է եւ ընդունած, որ եղած են «որոշակի խախտումներ»:

Վանեցեանի խօսքով՝ այդ գործի քննութեան արդիւնքով պետական պիւտճէ պէտք է վերադարձուի շուրջ 1 միլիառ 800 միլիոն դրամի չափով գումար, ինչի համաձայնութիւնը հիմնադրամի տնօրէնն արդէն տուեր է:

Անցած Յունիսին ԱԱԾ-ն յայտարարած էր, թէ իրենք հաղորդում ստացած են քաղաքացիներէն, որ Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնատար անձինք, կառուցապատման եւ գոյքի ձեւակերպման համապատասխան թոյլտուութիւններ տրամադրելու դիմաց, բացի օրէնքով սահմանուած վճարումներէն, իրենց պարտադրած են «Երեւան» հիմնադրամին փոխանցել խոշոր գումարներ: Նիւթերու նախապատրաստման ընթացքին պարզուած է, որ վերոնշեալ պատրուակով առձեռն ստացուած գումարներու մէկ մասը հիմնադրամի հաշուեհամար չէ մուտքագրուած եւ յափշտակուած է:

Յարուցուած քրէական գործի շրջագիծէն ներս ձերբակալուած էին հիմնադրամի տնօրէն Աշոտ Ղազարեանը եւ Դաւիթաշէնի թաղապետի տեղակալ Խաչատուր Կարապետեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment