Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատախազութիւնը ԱՄՆ-ի Իրաւասու Մարմիններէն Միջնորդութիւն Ստացած է Քեմալ Օքսուզը Յանձնելու Վերաբերեալ

Դատախազութիւնը ԱՄՆ-ի Իրաւասու Մարմիններէն Միջնորդութիւն Ստացած է Քեմալ Օքսուզը Յանձնելու Վերաբերեալ

by MassisPost

ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իրաւասու մարմիններէն միջնորդութիւն ստացած է` Երեւանի մէջ ձերբակալուած ազգութեամբ թուրք հակահայ լոպպիստ Քեւին (Քեմալ) Օքսուզը արտայանձնելու վերաբերեալ:

Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժնի պետ Արեւիկ Խաչատրեանը:

Երեւանի մէջ ձերբակալուած՝ ազգութեամբ թուրք հակահայ լոպպիստ Քեւին (Քեմալ) Օքսուզը, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէն միջազգային հետախուզման մէջ եայտարարուած էր՝ ԱՄՆ ներկայացուցիչներու պալատի էթիքայի (սովորագիտութեան) եանձնաժողովէն նիւթեր կեղծելու ու թաքցնելու համար, կը պարզուի, որ Հայաստանի մէջ եւս հակաօրինական գործունէութիւն ծաւալած է։ ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն «արմէնբրես»-ի հարցմանն ի պատասխան յայտնած են, որ Հայաստանի մէջ անոր հիմնած The Sena Group ընկերութիւնը խուսափած է հարկերու վճարումէն։ «The Sena Group» ընկերութեան տնօրինութեան կողմէն խոշոր չափերով հարկեր չվճարելու առերեւոյթ յանցագործութեան դէպքի առթիւ ՀՀ ոստիկանութեան կազմակերպուած եանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան կողմէն եարուցուած է քրէական գործ, որու շրջագիծէն ներս հնարաւոր է ՀՀ իրաւասու մարմնի կողմէն կատարել համապատասխան քննչական գործողութիւններ

Հարկերու վճարումէն խուսափելու համար Օքսուզին կը սպառնայ տուգանք՝ նուազագոյն աշխատավարձի երկու հազարապատիկէն երեք հազարապատիկի չափով կամ ազատազրկում՝ երկուքէն հինգ տարի ժամկէտով:

ԱՄՆ իրաւասու մարմիններու կողմէն հետախուզուող Օքսուզի նկատմամբ Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի 31 օգոստոսի որոշմամբ կիրառուած է ժամանակաւոր կալանաւորում՝ 30 օր ժամկէտով։

Սա այն ժամկէտն է, որու ընթացքին ԱՄՆ իրաւասու մարմինները կրնան միջնորդութիւն ներկայացնել քրէական հետապնդման ենթարկելու նպատակով անոր եանձնելու վերաբերեալ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment