Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵԱՀԿ / ԺՀՄԻԳ Համաժողովին Ատրպէյճանը Սուր Քննադատութեան Ենթարկուած է

ԵԱՀԿ / ԺՀՄԻԳ Համաժողովին Ատրպէյճանը Սուր Քննադատութեան Ենթարկուած է

by MassisPost

Վարշաւայի մէջ անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած ԵԱՀԿ / ԺՀՄԻԳ (Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակ) համաժողովին սուր քննադատութեան ենթարկուած է Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ծանր իրավիճակը:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, կը յայտնէ ատրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութիւնը:

ԱՄՆ պատուիրակութեան ղեկավար Մայքլ Քոզաքը համաժողովին ունեցած ելոյթի ժամանակ նշած է, որ Ատրպէյճանի մէջ կը շարունակուին քաղաքական հիմքերով ձերբակալութիւններն ու հետապնդումները:

«Քաղաքակայ հետապնդումները կը շարունակն Ատրպէյճանի արդարադատութեան համակարգի անկախութիւնը կասկածի տակ դնելու հիմք հանդիսանալ: Մենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ’ընենք ազատ արձակել հիմնարար ազատութիւններու իրացման համար ձերբակալուած անձանց, ինչպէս նաեւ հանել ընդդիմադիր գործիչներ Իլկար Մամէտովի, Ալի Քերիմլիի, Անար Մամէտլիի եւ լրագրող Խատիճայ Իսմայիլովայի համար սահմանուած երկիրը լքելու արգելքը»,-ըսած է ան:

Մայքլ Քոզաքը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ըրած է նաեւ մանրազնին հետաքննել ձերբակալութեան մէջ գտնուողներու նկատմամբ իրականացուած խոշտանգումներու վերաբերեալ ստացուած տեղեկութիւններու մանրամասները:

Քոզաքը յիշեցուցած է, որ հետաքննութիւն չէ իրականացուցած Մեհման Յուսէյնովի եայտարարութենէն ետք, ըստ որուն ան կալանավայրի մէջ ոստիկաններուն կողմէն ծաղրանքի ենթարկուած է: Անոր փոխարէն Յուսէյնովը զրպարտութեան մեղադրանքով դատապարտուած է 2 տարուան ազատազրկման:

Զլմ-ներու ազատութեան վերաբերող բաժնին մէջ զեկուցման ժամանակ Քոզաքը նշած է, որ Ատրպէյճանում Զլմ-ներու ազատութիւնը եւս սահմանափակուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment