Այս օրերուն Լոս Անճելոս կը գտնուի Լիբանանի Քաթաէպ Կուսակցութեան նախագահ եւ Խորհրդարանի անդամ Սամի Ճեմայէլ: Այս առթիւ Հարաւային Գալիֆորնիոյ Քաթաէպ (Փաղանգաւոր) կուսակցութեան շրջանային վարչութիւնը, անցեալ Կիրակի, Սեպտեմբեր 16, 2018, Կլենտէյլի «Էմպէսի Սուիթ» հիւրանոցին մէջ ընդունելութեամբ մը պատուեց հիւր ղեկավարը:
Սոյն ընդունելութեան ներկայ էին ԱՄՆ-ի տարբեր նահանգներէն ժամանած ականաւոր լիբանանցիներ, ինչպէս նաեւ տեղական ծանօթ դէմքեր, Քաթաէպ Կուսակցութեան մասնաճիւղերու ղեկավարներ, հոգեւորականներ, Գալիֆորնիոյ մէջ հաստատուած արաբ-ամերիկեան միութիւններու եւ Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:
Լիբանանի մէջ գործող կուսակցութիւններէն ներկայ էին ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան, Ընկերվարական Յառաջդիմական Կուսակցութեան, «Լիբանանեան Ուժեր» կուսակցութեան եւ «Մուսթաքպալ» շարժումի ներկայացուցիչները:
Գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը: Լիբանանի, ԱՄՆի եւ Քաթաէպ Կուսակցութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Լոս Անճելոս գաւառի Շէրիֆ Ճէյմս Մգտոնալտը, Լոս Անճելոսի Քաթաէպ Կուսակցութեան Վարչութեան ատենապետ Ժոզէֆ Ֆրէյմը, ԱՄՆ-ի տարբեր շրջաններու քաթաէպներու անունով Ասաատ Ռահհալը: Գրեթէ բոլորն ալ իրենց ելոյթներուն մէջ շեշտը դրին ազգային միասնութեան, Լիբանանի խաղաղութեան եւ բարօրութաեն հրամայականին վրայ:
Վերջին խօսք առնողն եղաւ Լիբանանի Քաթաէպ Կուսակցութեան նախագահ եւ Խորհրդարանի անդամ 37-ամեայ Սամի Ճեմայէլ: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց այն միջոցառումը կազմակերպող յանձնախումբին եւ ներկայ հասարակութեան: Երիտասարդ քաղաքագէտը երկրի հիմնահարցերէն մին նկատեց ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ան դէմ արտայայտուեցաւ խտրականութեան եւ անջատողականութաեն եւ հատուածամոլ ծայրայեղ շարժումներուն: Խիստ կենսական համարեց երկրի գերագոյն շահերուն ու բարօրութաեն համար տարուող համադրական աշխատանքներուն զօրավիգ կանգնիլը:
Սամի Ճէմայէլ շեշտելով հանդերձ որ ինք քրիստոնեայ կուսակցութեան մը ղեկավարն է սակայն կենսական նկատեց քրիստոնեայ շիի, սիւննի եւ այլ համայնքներու միջեւ համախոհականութիւնն ու անշահախնդիր մօտեցումը, Լիբանանի գերակայութեան ու բարգաւաճումին համար եւ յարեց «Մեր խորհրդարանը՝ գեղեցիկ խճանկար մըն է եւ համադրումը Լիբանանի բոլորը համայնքներուն»:
Հիւր ղեկավարը միաժամանակ դատապարտեց արտագաղթը եւ եսակեդրոն անտարբերութիւնը: «Մենք 6000 նահատակներ տուած ենք Լիբանանի համար, որպէս զիան մնայ անկախ ու գերիշխան», շեշտեց ան:
Աւարտին Սամի Ճեմայէլ կոչ ուղղեց օգնել Լիբանանեան հայրենիքի բարգաւաճումին եւ ամէն գնով սատար հանդիսանալ անոր կայունութեան ու յառաջընթացին: