Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Մաքրոն Փաշինեանը Ընդունեց Էլիզէյի Պալատէն Ներս

Նախագահ Մաքրոն Փաշինեանը Ընդունեց Էլիզէյի Պալատէն Ներս

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ժամանեց Ֆրանսայի նախագահական Էլիզէի պալատ:

Ինչպէս Փարիզէն կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ի թղթակիցը, Էլիզէի պալատի մուտքին մօտ անոր դիմաւորեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը:

Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք երկու երկիրներու ղեկավարները բանակցութիւնները շարունակեր են աշխատանքային ճաշի շրջածիրէն ներս:

pashinyan-macron-2Նշենք, որ   Մաքրոն     եւ  Փաշինեանը քննարկած  են Ֆրաքոֆոնիայի գագաթնաժողովին եւ անոր շրջագիծէն ներս առաջին անգամ կազմակերպուելիք պիզնես ֆորումին վերաբերող հարցեր, անդրադարձ եղած  է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան: Հայաստանի վարչապետն ու Ֆրանսայի նախագահը կարեւորեր են խնդրի խաղաղ կարգաւորումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ջանքերով: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեր է հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները ամբողջ ծաւալով քննարկել հոկտեմբերին: Երեւանի մէջ իրականացուող Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի շրջագիծէն ներս Էմանուէլ Մաքրոնը պիտի գայ Հայաստան եւ այդ  միաժամանակ պիտի ըլլայ նաեւ Ֆրանսայի նախագահի պետական այցը Հայաստան:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ 13 Սեպտեմբերին ժամանած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւն:

pashinyan-komitas

Վարչապետը օդակայանէն ուղղուած է Փարիզի «Երեւան» պուրակ, ուր ծաղկեպսակ տեղադրած է Կոմիտասի յուշարձանին դիմաց` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Այնուհետեւ վարչապետ Փաշինեան ընթիրիքի հրաւիրուած է Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ, որոնց շարքին եղած են Ֆրանսայի Ազգային ժողովի հայազգի պատգամաւորներ, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, գործարարներ, արուեստագէտներ, յատկապէս, Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենէքեան, Փարիզի 9-րդ թաղամասի փոխքաղաքապետ Ալեքսի Կովչեան, Ֆրանսայի կառավարութեան նախկին անդամ Փաթրիք Տեւէճեան, Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեան և Մուրատ Փափազեան, գործարարներ` Դանիէլ Քիւրքճեան, Սերժ Չուրուք, Վարդան Սիրմաքէշ, Արմէն Պետրոսեան, Ալէն Միքլի, Ֆրանսայի Թատերական Գործիչներու Միութեան նախագահ Ալէն Թէրզեան, աշխարհահռչակ ֆութպոլիսթ Իւրի Ճորկայէվ եւ այլք:

Վարչապետ Փաշինեանը  նաեւ այցելած է Փարիզի քաղաքապետարան: Քաղաքապետի հետ առանձնազրոյցէն ետք կողմերը հանդէս եկած են  ելոյթներով:

pashinyan-pais-mayor

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յիշեցուց, որ հայկական թաւշեայ յեղափոխութիւնը սկսաւ Ֆրանսայի հրապարակէն եւ ամպիոնի ետին Ռոտէնի քանդակն էր: – «Դա խորհրդանիշ էր, թէ ինչպէս պէտք է, պահպանելով այդ քանդակը, խաղաղ գործողութիւններ կատարել առանց ուժի գործադրման», –  ըսած է ան:

Իր հերթին Փարիզի քաղաքապետը հիացմունքով խօսած է, որ Նիկոլ Փաշինեանի թիկունքին երիտասարդութիւնն է, որ Հայաստանի մէջ իրականացուց Թաւշեայ յեղափոխութիւնը:

Վարչապետը ֆրանսական «Քարֆուր» հանրախանութի օրինակը բերաւ՝ նշելով, որ այն ըլլալով դաշտի մէջ միակ օրինական գործող մեծ խանութը` աստիճանաբար փոքրացեր ու հասեր էր փակման եզրին: Բայց հիմա, ըստ Փաշինեանի, ստեղծուած են բոլոր պայամանները, որ «Քարֆուր»-ը ընդարձակէ գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment