Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը Իմաստ Չունենար Առանց Տնտեսական Յեղափոխութեան. Յայտարարած է Վարչապետ Փաշինեան

Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը Իմաստ Չունենար Առանց Տնտեսական Յեղափոխութեան. Յայտարարած է Վարչապետ Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութիւնն իմաստ չունենար առանց տնտեսական յեղափոխութեան, Փարիզի մէջ յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ «Ֆրանսայի ձեռնարկութիւնների շարժում» կազմակերպութեան անդամներուն հետ հանդիպման ժամանակ։

«Հայաստանում տեղի է ունեցել ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութիւն, եւ ես ուզում եմ ասել, որ սա ոչ միայն քաղաքական յեղափոխութիւն է, այլեւ արժէքների յեղափոխութիւն է, բայց նաեւ շատ կարեւոր է ընդգծել, որ մեծ հաշուով այս յեղափոխութիւնն իմաստ չի ունենայ, եթէ մենք չկարողանանք հասնել տնտեսական յեղափոխութեան։ Այդ առումով հիմա իսկապէս մեր յեղափոխութեան կարեւոր շրջափուլում ենք եւ պէտք է ապահովենք տնտեսական ճեղքում Հայաստանի Հանրապետութեան համար», – ըսաւ Փաշինեանը։

Վարչապետը վերահաստատեց իր նախկին յայտարարութիւնը՝ որեւէ գործարար, որեւէ ընկերութիւն այս պահէն սկսած՝ իր ընտրուելու պահէն սկսած «ազատուած է որեւէ կաշառակերային պարտաւորութիւնից»։

pashinyan-medef-2

«Ըստ էութեան, մենք տնտեսական գործունէութիւն ծաւալողների հետ յարաբերութիւններում, ներդրողների հետ յարաբերութիւններում ունենք ընդամէնը երկու պայման եւ երկու շահագրգռուածութիւն՝ գործունէութիւնը պէտք է լինի օրինական՝ օրէնքին լիարժէք համապատասխան, եւ մենք բոլորին կ’աջակցենք, որպէսզի նրանք հնարաւորինս շատ աշխատատեղեր ստեղծեն եւ իհարկէ հարկեր վճարեն», – ըսաւ վարչապետը՝ շարունակելով. – «Մենք ի գիտութիւն ենք ընդունել պիզնեսից եկող այն ազդակները, որ մեր Հարկային օրէնսգիրքը չափազանց խառնիճաղանճ է եւ տնտեսական գործունէութիւնը բարդացնող, ինչի արդիւնքում մենք ձեռնարկել ենք Հարկային օրէնսգրքի լայնածաւալ փոփոխութիւններ»։

Անդրադառնալով տնտեսական համագործակցութեան միջազգային պայմանագրերուն, վարչապետը յայտարարեց՝ ստիպուած եղել են եւ ստիպուած են որոշակի հարցեր պարզաբանել շարք մը գերմանական, ռուսական, իտալական, ֆրանսական եւ այլ ընկերութիւններու հետ։

«Մեր գործողութիւնների նպատակը որեւէ բան աւերելը չէ, այլ համագործակցութիւնն արդիւնաւէտ, արդար դարձնելն է, այդ ընկերութիւնների շահերը պաշտպանելը, այդ թուում՝ չարաշահումներից», – ըսաւ Փաշինեանը՝ շարունակելով. – «Շատ դէպքերում ընկերութիւնների հետ կնքուած պայմանագրերում ժողովրդի շահն ու Հայաստանի շահը հաշուի չի առնուած։ Ցաւօք, Հայաստանի ներկայացուցիչները ոչ թէ Հայաստանի պետութեան եւ ժողովրդի շահերից եւ դիրքերից են հանդէս եկել, այլ իրենց անձնական, կլանային եւ, կը ներէք, նոյնիսկ՝ մաֆիոզ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment