Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յարութիւն Մարութեան Ընտրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի Տնօրէն

Յարութիւն Մարութեան Ընտրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի Տնօրէն

by MassisPost

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հոգաբարձուներու խորհուրդը  Սեպտեմբեր 14-ին, փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ թանգարանի տնօրէն ընտրեց ազգագրագէտ Յարութիւն Մարութեանը։

Ներկայացուած 4 թեկնածուներէն 2-ին՝ Արմէն Ասրեանին եւ Ստեփան Ստեփանեանցին օգտին ոչ ոք չէր քուէարկած, Հայկ Դեմոյեանի օգտին քուէարկած էր 2 հոգի, իսկ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Յարութիւն Մարութեանն ընտրուած է 11 կողմ ձայներով։

Յարութիւն Մարութեանը գիտութեան ոլորտէն ներս 34 տարուան աշխատանքային փորձառութիւն ունի, իսկ վերջին երկու տարիներուն ԳԱԱ արդիականութեան, ազգաբանութեան բաժնի գլխաւոր գիտաշխատողի պաշտօնակատարն է, հեղինակ է 100-է աւելի գիտական աշխատանքներու, այդ շարքին՝ ցեղասպանութեան թեմայով: 2011-ին արժանացած է նաեւ ՀՀ նախագահի մրցանակի՝ ցեղասպանութեան բնագաւառէն ներս աշխատանքներ իրականացնելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment