Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանական Զինավարժանքներու Ընթացքին Հայաստանը Յստակ Նշուած է Որպէս Թշնամի

Ատրպէյճանական Զինավարժանքներու Ընթացքին Հայաստանը Յստակ Նշուած է Որպէս Թշնամի

by MassisPost

Ատրպէյճանը յաջորդ շաբաթուան սկիզբը, 17 Սեպտեմբերէն, հնգօրեայ լայնածաւալ մարտավարական զօրավարժութիւններ պիտի իրականացնէ բանակի տարբեր զօրատեսակներու ու զօրամիաւորումներու ներգրաւմամբ:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, վարժանքներուն պիտի մասնակցի 20 հազար զինծառայող, 200 միաւորէ աւելի թանկ (հրասայլ) եւ այլ զրահաթեխնիկա, 120 միաւորէ աւելի տարբեր տրամաչափի հրթիռահրետանային կայաններ, համազարկային կրակի համակարգեր եւ ականանետեր, 10 միաւոր կործանիչներ ու տասնեակ օդային միջոցներ՝ տարբեր նշանակութեան:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ընդգծեր է, որ վարժանքներու ծրագիրը կազմեր է նախագահ՝ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Իլհամ Ալիեւը, եւ որ անոնց ընթացքին պիտի ստուգուի, թէ որքանով զինծառայողները կը տիրապետեն վերջին մէկ տարուան ընթացքին Ատրպէյճանի բանակի կողմէն ձեռք բերուած սպառազինութեան:

Յատկանշական է, որ այս անգամ վարժանքներու մասին պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ յստակ նշուած է՝ ատրպէյճանական բանակի թշնամին Հայաստանն է: Մինչ այժմ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կ’օգտագործէր «պայմանական թշնամի» եզրոյթը, նաեւ կը նշէր, որ զօրավարժութիւնները կ’իրականացուին պատերազմականին առաւելագոյնս մօտեցուած պայմաններու մէջ:

Մինչդեռ, պաշտօնական Պաքուի տարածած նոր հաղորդագրութեան մէջ նշուած է․ «Զօրավարժութիւններու ընթացքին պիտի մշակուին քանի մը ուղղութիւններով հակառակորդի պաշտպանութիւնը թանկերով ճեղքելու, Ղարաբաղի տարածքին Հայաստանի ռազմական խմբաւորումներն ու առաջնագիծի ստորաբաժանումները ջախջախելու, ինչպէս նաեւ գրաւուած տարածքներու ազատագրման սենարներ՝ հրթիռահրետանային եւ օդային հարուածներու օգնութեամբ»:

Ատրպէյճանական մամուլը գրած է, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, սենարին մէջ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի յստակ յիշատակումը որպէս հակառակորդ՝ կապուած է Հայաստանի մէջ իրականացուող «Շանթ-2018» զօրավարժութիւններու հետ, որոնց շրջագիծէն ներս Հայաստանի Ազգային ժողովը Ատրպէյճանին պատերազմ յայտարարելու մասին որոշում ընդունած էր, հաղորդագրութիւնն ալ տեղադրուած էր խորհրդարանի պաշտօնական կայքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment