Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վահրամ Տեփանոսեանը Յայտարարած է՝ Որդիին Սպանած են Ոչ Թէ ՊՊԾ Գունդը Գրաւած Խումբի Անդամները, Այլ Ոստիկանները

Վահրամ Տեփանոսեանը Յայտարարած է՝ Որդիին Սպանած են Ոչ Թէ ՊՊԾ Գունդը Գրաւած Խումբի Անդամները, Այլ Ոստիկանները

by MassisPost

Պարեկապահակային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի գրաւման 13-րդ օրը՝ 2016 թուականի 30 Յուլիսին սպաննուած 30-ամեայ ոստիկան Եուրի Տեփանոսեանի հայրը՝ Վահրամ Տեփանոսեանը յայտարարեր է՝ որդիին սպանած են ոչ թէ Պարեկապահակային ծառայութեան (ՊՊԾ ) գունդը գրաւած խումբի անդամները, այլ ոստիկանները։

«Միանշանակ այո, սպաննել են ոստիկանները։ Ինչ ասել եմ, իմ ասածին տէր եմ, երկրորդ միտք չի կարայ լինի»,-Panorama.am-ի   հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Տեփանոսեանը։

Հարցին, թէ ինչու այդ մասին կը յայտարարէ դէպքէն երկու տարի անց, ան պատասխանեց. «Օրէնքները փոխուել են, հիմա նոր խօսում եմ,  էն ժամանակ լրիւ ուրիշ օրէնք էր, հիմա՝ ուրիշ։ Իմ համար օրէնքը իշխանութիւնն է, էն ժամանակ ուրիշն էր, հիմա ուրիշ է»։

Լրագրողի այն հարցին, թէ աւելի վաղ իրեն ստիպե՞ր են լռել, պատասխանած է. «Ես յաջորդ դատին ելոյթ կ’ունենամ դատարանում, ամէն ինչ կ’ասեմ»։

Յիշեցնենք,  որ այս տարուայ 28 Մարտին հրապարակուած են Պարեկապահակային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի գրաւման ժամանակ սպաննուած ոստիկաններու դիակներու փորձաքննութեան արդիւնքները։ Անոնց համաձայն, Եուրի Տեփանոսեանի մահուան պատճառ դարձած է ողնուղեղի դիֆուզ վնասուածքային ախտահարումը՝ ողնաշարի պարանոցային հատուածի եւ գանկի դիմային հատուածի համակցուած հրազէնային, գնդակային, կոյր վիրաւորում ստանալու հետեւանքով, որն անմիջական կապի մէջ եղած է մահուան հետ: Տեփանոսեանի մարմնի վրայ յայտնաբերուած է նաեւ սալջարդ` կրծքավանդակի ետին մակերեսին, այն պատճառուած է սուր եզր ունեցող կոյր առարկայով՝ անոր կենդանութեան օրօք՝ մահէն անմիջապէս առաջ։

Ոստիկանութեան աշխատակից Եուրի Տեփանոսեանի սպանութեան համար մեղադրանք առաջադրուած է «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման անդամ Սմբատ Բարսեղեանին:

Ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ ցուցաբերած անձնական խիզախութեան եւ նուիրումին համար Եուրի Տեփանոսեանը 2016-ին ՀՀ նախագահի հրամանագրով յետմահու պարգեւատրուած է «Հասարակական կարգի գերազանց պահպանութեան համար» մետալով, իսկ ՀՀ ոստիկանութեան պետի հրամանով անոր յետմահու շնորհուած է հարիւրապետի սպայական կոչում եւ պարգեւատրուած է «Իրաւակարգի ամրապնդման համար» մետալով:

2016-ի դեկտեմբերին Հանրապետութեան նախագահի յանձնարարութեամբ եւ ոստիկանութեան պետի միջնորդութեամբ՝ Երեւանի քաղաքապետարանն անհատոյց սեփականութեան իրաւունքով բնակարաններ յատկացուցած է  զոհուած ոստիկաններ Գագիկ Մկրտչեանի եւ Եուրի Տեփանոսեանի ընտանիքներուն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment