Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախկին Ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի Առանձնատան Վերաբերեալ Քրէական Գործ Յարուցուած է

Նախկին Ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի Առանձնատան Վերաբերեալ Քրէական Գործ Յարուցուած է

by MassisPost

Հայաստանի ոստիկանութեան նախկին պետ Վլատիմիր Գասպարեանի առանձնատան վերաբերեալ հրապարակման հիման վրայ քրէական գործ յարուցուած է, այս մասին հաղորդած է Յատուկ քննչական ծառայութիւնը:

«Hetq.am լրատուական կայքում հրապարակուած «Վլատիմիր Գասպարեանը 200 հազար տոլարով դարձել է 3 միլիոն տոլարանոց առանձնատան տէր» վերտառութեամբ յօդուածի հիման վրայ նախապատրաստուած նիւթերով ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութիւնում ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 178-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ 309-րդ յօդուածի 1-ին մասով յարուցուել է քրէական գործ` առանձնապէս խոշոր չափերով խարդախութիւն կատարելու եւ պաշտօնատար անձանց կողմից պաշտօնէական լիազօրութիւններն անցնելու առերեւոյթ յանցագործութեան դէպքերի առթիւ», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Կը կատարուի նախաքննութիւն:

Hetq.am-ի հրապարակման համաձայն, Երեւանի Յաղթանակ զբօսայգիի հարեւանութեամբ տեղակայուած՝ ժամանակին 3-4 միլիոն շուկայական արժէքով առանձնատունը, որուն մէջ իր ընտանիքին հետ կ’ապրի Վլատիմիր Գասպարեանը, գրաւադրուած էր «Ամերիապանք»-ի մէջ 1 միլիոն 800 հազար տոլար արժէքով, սակայն զանազան գործարքներու արդիւնքով Գասպարեանն այն ձեռք ձգած է մօտ 200 հազար տոլարով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment