Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հայկական Մշակոյթի Ցուցադրութիւն Նիւ Եորքի Մէջ

Հայկական Մշակոյթի Ցուցադրութիւն Նիւ Եորքի Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան ֆէյսպուքեան էջը կը տեղեկացնէ. «Նախորդ ամսուան շատ յաջողուած Սմիթսոնեան ֆոլքլայֆ փառատօնին, երբ Ուաշինկթընի մէջ ներկայացուեցաւ հայկական ժառանգութիւնը, աւանդոյթներն ու մշակոյթը, անմիջապէս կը հետեւի մէկ այլ խոշոր ցուցահանդէս, որուն բացումը պիտի ըլլայ շուտով` Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթան թանգարանին մէջ՝ ներկայացնելու Հայաստանի 14 դարերու պատմութիւնն ու մշակոյթը։

23 Սեպտեմբերէն այցելուները պիտի կարենան ուսումնասիրել Հայաստանի մշակութային նուաճումները` սկսած 4-րդ դարէն, երբ հայերն ընդունեցին քրիստոնէութիւնը, մինչեւ 17-րդ դար, երբ համաշխարհային առեւտուրի ուղիներուն հայերու ծաւալած գործունէութեան արդիւնքով հայերէն տպագիր գիրքեր յայտնուեցան ամբողջ տարածաշրջանին մէջ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment