Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Cumhuriyet.«Հայաստանի Մէջ Յեղափոխութենէն Ամիսներ Անցեր են, Բայց Մարդոց Աչքերը կը Շարունակեն Փայլիլ»

Cumhuriyet.«Հայաստանի Մէջ Յեղափոխութենէն Ամիսներ Անցեր են, Բայց Մարդոց Աչքերը կը Շարունակեն Փայլիլ»

by MassisPost

Թրքական ընդդիմադիր «Cumhuriyet» թերթը անդրադարձած է  Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան՝ այն անուանելով «21-րդ դարու անարիւն յեղափոխութիւն»։

«Թէեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութենէն արդէն ամիսներ անցեր են, բայց մարդոց աչքերը կը շարունակեն փայլիլ, բոլորը լի են յոյսով եւ ապագայի նկատմամբ հաւատով։ Երեւանցիները կը պատմեն, որ նախկին վախի մթնոլորտը արդէն վերացեր է։ Մարդիկ կը ժպտան։ Մինչեւ հիմա բոլոր զրոյցները միայն բողոքներ կը պարունակէին։ Հիմա մարդիկ կը մտածեն, թէ ինչպէս կրնան լուծումներ գտնել», -գրած է յօդուածի հեղինակ Նազան Օզճան։

Հեղինակը նկատած է, որ Երեւանի մէջ, ուր վերջին տարիներուն ամենատաք ամառներէն մէկը կը տիրէ, երջանիկ ու խաղաղ դէմքեր կը հանդիպին։ Անոնք կը գիտակցին, որ փոփոխութիւնները մէկ ակնթարթի մէջ չեն ըլլար, բայց հաւատացած են, որ փոխելու ուժն իրենց ձեռքն է։ Նոյնիսկ տնտեսական ծանր վիճակը ստուերի տակ չի ձգեր յեղափոխութեան երջանկութիւնը։ Փողոցները մինչեւ գիշերուան 02։00-ը լեցուն են մարդոցմով, երիտասարդները կը զուարճանան, խանութներուն մէջ առեւտուր կ’ընեն, ճաշարաններուն մէջ ազատ տեղ գտնելը դժուար է։

Օզճանը կը յիշեցնէ, որ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականէն ետք իշխանութիւնն անցած է ցոյցերը կազմակերպող ընդդիմադիր առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր խումբին, որոնք հանրութեան հետ փողոց դուրս եկած էին։ «Ամենակարեւորը՝ արիւն չթափուեցաւ։ 11-րդ օրուան վերջը, երբ Սարգսեանը հրաժարական տուաւ, Երեւանի փողոցներուն մէջ եւ յատկապէս Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ամբոխները կը պարէին», -գրած է հեղինակը։

Օզճանը հայկական յեղափոխութեան մասին զրուցած է նաեւ Ամերիկայի հայկական համագումարի տարածաշրջանային վերլուծաբան – փորձագէտ, պոլսահայ Ալին Օզինեանի հետ, որ ներկայիս Հայաստան կը բնակի։

Վերջինիս բնութագրմամբ՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը իրականութեան մէջ յեղափոխութիւն չէր, քանի որ որեւէ համակարգային փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած, այն իշխանափոխութիւն էր։ Սակայն նախկին իշխանութիւններու որդեգրած, ծանօթ- բարեկամութեան եւ կաշառքի վրայ հիմնուած պետութիւնը փոխելու, իշխող խումբը իշխանութենէն հեռացնելու տեսակէտէն երեւոյթն իրօք յեղափոխական բնոյթ ունէր։ Օզինեանի խօսքով՝ յեղափոխութեան շնորհիւ Հայատանը վերադարձած է «գործարանային կարգաւորումներու»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment