Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեկնարկած է Իտալիոյ Նախագահի Պաշտօնական Այցը Հայաստան

Մեկնարկած է Իտալիոյ Նախագահի Պաշտօնական Այցը Հայաստան

by MassisPost

Հանրապետութեան նախագահի նստավայրէն ներս երէկ տեղի ունեցած է պետական այցով Հայաստան ժամանած Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ ՍերՃիօ Մաթարելայի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը:

Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը։

Նախագահ Մաթարելայի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ են Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Էնցօ Մոաւէրօ Միլանեսին եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

30 Յուլիսին, ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ, տեղի ունեցած է Իտալիոյ նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն յաջորդած է նախագահներ Արմէն Սարգսեանի եւ Սերճիօ Մաթարելայի առանձնազրոյցը, այնուհետեւ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ՝ ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: Նախագահներ Սարգսեան ու Մադարելա հանդէս եկած են մամլոյ համար յայտարարութեամբ:

Պետական այցին ծիրէն ներս՝ Իտալիոյ նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ, պիտի հիւրընկալուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէն:

Սերճիօ Մաթարելայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Մեծ Եղեռնի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ պիտի  դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին։ Հայաստանի եւ Իտալիոյ նախագահներու ներկայութեամբ տեղի պիտի ունենայ հայ-իտալական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կեդրոնի բացման արարողութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment