Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը 4 Հոգինոց Խումբով Վրաստանի Մէջ Պիտի Մասնակցի ՆԱԹՕ-ի Զօրավարժութիւններուն

Հայաստանը 4 Հոգինոց Խումբով Վրաստանի Մէջ Պիտի Մասնակցի ՆԱԹՕ-ի Զօրավարժութիւններուն

by MassisPost

Հայաստանը՝ չորս հոգիով՝ Վրաստանի մէջ պիտի մասնակցի ՆԱԹՕ-ի «Ազնիւ գործընկեր 2018» (Noble Partner- 2018) բազմազգ զօրավարժութիւններուն: Այս մասին ըսած է ՀՀ ՊՆ մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Հայաստանը պիտի մասնակցի զօրավարժութիւններուն: Վրաստան պիտի մեկնի Հայաստանի զինուած ուժերու չորս սպայ»,- ըսած է ՊՆ մամլոյ քարտուղարը:

Զօրավարժութիւնները պիտի իրականացուին Օգոստոս 1-15, անոնց պիտի մասնակցին ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ դաշինքի գործընկեր երկիրներ:

Զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցին զինուորներ Վրաստանէն, ԱՄՆ-էն, Մեծ Բրիտանիայէն, Գերմանիայէն, Էսթոնիայէն, Ֆրանսայէն, Լիթվայէն, Լեհաստանէն, Նորվեկիայէն, Թուրքիայէն, Ուքրանիայէն, Ատրպէյճանէն եւ Հայաստանէն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment