Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռոպերթ Քոչարեան Կալանքի Տակ

Ռոպերթ Քոչարեան Կալանքի Տակ

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը  որոշեց երկու ամսով կալանաւորել   1998-2008 թուականներուն Հայաստանը ղեկավարած  Ռոպերթ Քոչարեանը:

Քոչարեանի փաստաբան Արամ Օրբէլեան մերժեց այլ մանրամասնութիւններ հաղորդել, միայն ըսելով որ   փաստաբանները հարցերուն կը պատասխանեն յաջորդ օր կայանալիք մամուլի ասուլիսի ընթացքին:

Քոչարեանի միւս փաստաբանը` Ռուբէն Սահակեան իր կարգին յայտնեց, որ կը պատրաստուին բողոքարկել կալանաւորման որոշումը: Ան տեղեկացուց որ  Քոչարեան յայտարարութեամբ հանդէս չէ եկած եւ  դատարանի որոշումը  ընդունած է «շատ հանգիստ»:

Ինչ կը վերաբերի ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին, որու նկատմամբ եւս ձերբակալման որոշում կայացուած էր, 5 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ կրնայ արձակուիլ, ըստ անոր  փաստաբան Միհրան Պօղոսեան:

«Ազատութեան» հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին փաստաբանը տեղեկացուցած է որ, գումարը արդէն վճարուած է  եւ իր պաշտպանեալը  անդորրագիրը ներկայացնելուն պէս ազատ կ՛արձակուի:

2008-ին Երեւանի կայազօրի պետի, ապա՝ ՀՀ ԶՈւ գլխաւոր շտաբի պետի եւ պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօնները վարած Խաչատուրովին, ինչպէս եւ  Ռոպերթ Քոչարեանին ու պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանին, «Մարտի 1»-ի գործով մեղադրանք   ներկայացուած է՝ սահմանադրական կարգը տապալելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment