Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հարցազրոյցը «Էխօ Մոսկուա» Ռատիոկայանին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հարցազրոյցը «Էխօ Մոսկուա» Ռատիոկայանին

by MassisPost

«Էխօ Մոսկուա»  ռատիոկայանի գլխաւոր խմբագիր Ալեքսէյ Վենետիկթովը նշած է, որ հարցազրոյցը ռուսական լսարանի համար է, եւ հարցերը հիմնական պիտի վերաբերին հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն:

Փաշինեանը՝ Փութինի մասին
«Փութինին ես պատկերացնում էի ծանր բնաւորութեամբ, եւ ինձ համար հաճելի անակնկալ էր, որ նա շատ ուղիղ եւ անկեղծ մարդ է»,- ըսած է Հայաստանի վարչապետը, նշելով, որ իրենք երկուքն ալ անկեղծ ու շիտակ են իրենց շփումներուն մէջ: «Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններում մութ անկիւններ չպէտք է լինեն: Դա չի նշանակում, թէ մենք ամէն ինչում միշտ համաձայնելու ենք: Դա նշանակում է, որ մենք միմեանց հանդէպ պէտք է անկեղծ լինենք: Կարծում եմ՝ ամենամեծ բարեկամութիւնն այն է, երբ երկու երկրները, երկու մարդիկ, նայում են միմեանց աչքերի մէջ ու խօսում ուղիղ, անկեղծ ու ազնիւ»,- ըսած է Փաշինեանը:

Ռուսական կողմին հետաքրքրած է «անյայտ» Փաշինեանը
Հարցազրոյցի ժամանակ Հայաստանի վարչապետը պատմած է մինչ թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակը ռուս խորհրդարանականներու հետ ունեցած հանդիպմանն առնչուող դիպուածի մը մասին: Երբ անոնք ըսած են, թէ ռուսական կողմը հարցեր ունի՝ կապուած այն բանի հետ, թէ ով է ինքը, ինչ կենսագրութիւն ունի, Փաշինեանը պատասխանած է՝ Ռուսաստանն ունի աշխարհի մէջ ամենահզօր ու արդիւնաւէտ յատուկ ծառայութիւններէն մէկը, եւ եթէ բոլոր հարցերու պատասխանները դեռ չունին, ուրեմն այն իրենց պէտք է անհանգստացնէ: Ան նշած է նաեւ, որ 1991 թուականէն ի վեր իր գործունէութիւնը հանրութեան յայտնի է, եւ գործնականօրէն մամուլի հրապարակումներէն կարելի է իմանալ՝ որու հետ շփուած է, որու հանդիպած, ինչ եւ ինչպէս մտածած է, իմանալ նաեւ իր հայեացքներու ու անոնց եղափոխութեան մասին:

Ղարաբաղի շուրջ
Վենետիկթովի հարցին՝ ռուսական կողմէն արդեօք առաջարկ չէ հնչա՞ծ՝ ճանչցէք Ղրիմը եւ մենք կը ճանչնանք Ղարաբաղը, Փաշինեանը պատասխանած է՝ ոչ, այդպիսի առաջարկ չէ եղած: Ան ըսած է, որ հիմա տարածաշրջանին մէջ շատ լարուած իրավիճակ է: «Նկատի ունեմ Ատրպէյճանի ակրեսիւ (յարձակողական) քաղաքականութիւնը: Հիմա շատ բարձր է պատերազմի հաւանականութիւնը: Մենք պէտք է պատրաստ լինենք պատերազմի»,- ըսած է Փաշինեանը: Անոր խօսքով՝ Հայաստանի մէջ բոլորը համոզուած են, որ Ռուսաստանը կը տիրապետէ բոլոր միջոցներուն՝ տարածաշրջանին մէջ նոր սրացում թոյլ չտալու եւ Ատրպէյճանը զսպելու, որ վերջինս չյարձակի Հայաստանի ու Ղարաբաղի վրայ:

«Ռուսաստանն ունի բոլոր լծակները, բոլոր հնարաւորութիւնները՝ պատերազմ թոյլ չտալու համար, եւ ես չեմ հաւատում, որ մեր ռազմավարական դաշնակիցը, մեր դարաւոր բարեկամն ու ընկերը պատերազմ թոյլ կը տայ: Ես չեմ կարող դրան հաւատալ»,- ըսած է Փաշինեանը: Ատրպէյճանին ռուսական զէնքի վաճառքի առնչութեամբ ան միայն ըսած է, որ այդ թեմայով խօսած է Փութինի հետ, այլ մանրամասներ չներկայացնելով:

Իր որդիին՝ Ղարաբաղի մէջ զինծառայութեան անցնելու մասին
Փաշինեանն ըսած է, որ իր որդիին զինուորական ծառայութիւնը Ղարաբաղի մէջ շատերը մեկնաբանած են որպէս յարձակողական քայլ, սակայն իրականութեան մէջ բոլորովին հակառակն է՝ այն խաղաղասէր ժեսթ է, որովհետեւ եթէ իր որդին կամաւոր Ղարաբաղ կ’երթայ, այդ կը նշանակէ, որ ինքը Ղարաբաղի մէջ պատերազմ չի ցանկար: «Աստուած մի արասցէ, որ մեր տղաները, Ատրպէյճանի շարքային քաղաքացիների տղաները, զոհուեն պատերազմում»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեանն ու աւելցուցած․ «Ես շատ ուրախ կը լինէի, եթէ նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւս իր որդուն ծառայութեան ուղարկեր առաջնագիծ, որովհետեւ եթէ նրա որդին նոյնպէս այնտեղ ծառայի, ես դա կ’ընկալէի որպէս խաղաղասիրական ժեսթ: Մենք բոլորս կը համոզուէինք, որ Ալիեւը նոյնպէս չի ցանկանում, որ իր որդին զոհուի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment