Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Զիպիլիքսի» Գործով Քաղաքական Պատասխանատուն Կրնայ Ըլլալ Տարօն Մարգարեանը

«Զիպիլիքսի» Գործով Քաղաքական Պատասխանատուն Կրնայ Ըլլալ Տարօն Մարգարեանը

by MassisPost

Իշխանափոխութենէն ետք վերաբացուած «Զիպիլիքս» անուանումը ստացած քրէական գործի շրջածիրէն ներս իրաւապահները ձերբակալած են Երեւանի բնակիչ Հեղինէ Փոգրարեանը։

Յատուկ քննչական ծառայութեան հաղորդագրութեան համաձայն, 56-ամեայ կինը Երեւանի աւագանիի՝ անցած տարուան մայիսին կայացած ընտրութիւններէն առաջ ընտրողներ Հ. Ս.-ին ու անոր կնոջ խոստացած է 10 հազարական դրամ կաշառք՝ աւագանիի անդամի թեկնածու Տարօն Մարգարեանի օգտին քուէարկելու համար: Յատուկ քննչական ծառայութիւնն այլ մանրամասներ չի հաղորդեր, կը նշուի միայն, որ նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Անցած տարի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քարոզչութեան վերջին օրը «Ելք» դաշինքը իրաւապահներուն «յանցագործութեան մասին հաղորդում» ներկայացուցած էր՝ անոր կցելով հանրապետական Տարօն Մարգարեանի նախընտրական շտապի մօտ տեղադրուած աղբամաններէն յայտնաբերուած գայթակղային փաստաթուղթեր, որոնք, ընդդիմադիր դաշինքի պնդմամբ, կը վկայէին, որ այն ժամանակ իշխող Հանրապետականի կողմէն ընտրակաշառքի բաժանումը կրած է համակարգուած եւ կեդրոնացուած բնոյթ:

Ընտրութիւններուն «Ելքի» ցուցակը գլխաւորող Նիկոլ Փաշինեանը բողոք ներկայացուցած էր գլխաւոր դատախազութիւն, յարուցուած էր քրէական գործ, սակայն կարճ ժամանակ անց այն կարճուած էր՝ յանցակազմի բացակայութեան հիմնաւորմամբ։ Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդած յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք գործը վերաբացուած է։

«Ելք» դաշինքի պատգամաւոր Լենա Նազարեանն «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ կարծիք յայտնած է, որ իրաւապահները պէտք չէ սահմանափակուին միայն մէկ ձերբակալութեամբ։ «Երկար ժամանակ մենք փորձում էինք հասնել նրան, որ այդ փաստերն ուսումնասիրուեն, սակայն անարդիւնք: Ըստ էութեան, սա առաջին արդիւնքն է: Տասնեակ մարդիկ կարող են յայտնաբերուել, ովքեր ինչ-որ կերպ մասնակցել են ընտրակաշառքի բաժանմանը կամ ստացմանը»,- ըսած է Նազարեանը:

Պատգամաւորը չի բացառեր, որ ընտրակաշառքի բաժանման գործին մէջ կրնայ ներգրաւուած ըլլալ նաեւ վերջերս քաղաքապետի պաշտօնէն հրաժարական ներկայացուցած Տարօն Մարգարեանը: «Այնուամենայնիւ, ես կարծում եմ, որ եղել է քաղաքական առումով պատասխանատու անձ, եւ պէտք է գտնել նրա հետ կապը: Ամենայն հաւանականութեամբ, դա կարող է լինել Տարօն Մարգարեանը, որովհետեւ ես չեմ կարծում, որ այդ մարդիկ յանկարծ մի օր արթնացել են եւ իրենք իրենց որոշել են ինքնակազմակերպուել ու ընտրակաշառք բաժանել: Այդ մարդիկ պէտք է որ ուղղորդուած լինեն  քաղաքական գործչի կողմից կամ թեկնածուի կողմից: Հետեւաբար՝ իրաւապահ մարմինները պէտք է յայտնաբերեն այդ կապերը, որպէսզի գործը համարուի վերջնականապէս բացայայտուած»,- շարունակած է Լենա Նազարեանը:

«Ելք» դաշինքի պնդմամբ, աւագանիի ընտրութիւններուն ընտրակաշառքի բաժանման գործընթացին մէջ ներգրաւուած եղած են նաեւ իրաւապահները․ Մարգարեանի շտապի մօտի աղբարկղէն յայտնաբերուած թուղթերէն մէկը Հանրապետականի շտապ ուղարկուած է ոստիկանութեան ֆաքսի համարէն, ուր նշուած եղած են ոստիկաններու անուն-ազգանուններ, կոչումներ, պաշտօններ եւ տեղեկութիւններ այն մասին, թէ ով քանի ձայն պիտի բերէ: «Ելք»-ի պատգամաւոր Լենա Նազարեանի պնդմամբ՝ իրաւապահները պէտք է հարցաքննութեան կանչեն նաեւ այդ ցուցակներուն մէջ տեղ գտած ոստիկաններուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment