Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ ՊԲ-ն Ցանկացած Պահին Կաթուածահար Կընէ Ատրպէյճանի Տնտեսութիւնը․ Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Նախարար

ԼՂ ՊԲ-ն Ցանկացած Պահին Կաթուածահար Կընէ Ատրպէյճանի Տնտեսութիւնը․ Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Նախարար

by MassisPost

Ատրպէյճանի յատուկ նշանակութեան   կառոյցները հայկական զինուած ուժերու թիրախն են, եւ պաշտպանութեան բանակը կրնայ ցանկացած պահու կաթուածահար ընել հակառակորդի տնտեսութիւնը: Այսօր այս մասին Ստեփանակերտի մէջ յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը:

«Մինգեչաուրի կաթուածահար լինելը վերջին ժամանակահատուածում․․․ ի հարկէ՝ դա ընդհանուր առմամբ մտնում է մեր մարտավարական փլանների մէջ: Սովորաբար ռազմարուեստը պահանջում է մարտական գործողութիւններ վերսկսելու դէպքում հարուածներ հասցնել ինչպէս նման կառոյցների , այնպէս էլ ռազմական   կառոյցների․․․ այնպիսի կառոյցների, որոնց հարուածելը վնաս կը տայ տնտեսութեանը եւ չի թոյլատրի, որպէսզի արդիւնքում զինուած ուժերը ապահովուեն համապատասխան միջոցներով: Եթէ դրա անհրաժեշտութիւնը կը լինի (դեռ դա ես չեմ տեսնում) միանշանակ որոշում ընդունելու ենք եւ վայրկեան անգամ չենք երկմտելու՝ հարուածելու հարցում»,- երէկ ըսած է ԼՂ պաշտպանութեան նախարարը:

Հայաստանեան տասնեակ լրատուամիջոցներու համար ասուլիս հրաւիրած Լեւոն Մնացականեանն երէկ նաեւ յայտարարած է, թէ ԼՂ պաշտպանութեան բանակն ուշադրութեամբ կը հետեւի Ատրպէյճանի կողմէն նոր սպառազինութեան ձեռքբերման: Ան պնդած է, որ վերջին շրջանին հակառակորդի ձեռք բերած պելառուսական «Թոլոնէզ» համազարկային կրակի համակարգերն ու չեխական զինատեսակները հայկական զինուած ուժերու կողմէն հեշտութեամբ կրնան չէզոքացուիլ: Ըստ Մնացականեանի՝ վերջին մէկ տարուան ընթացքին ԼՂ ՊԲ-ի մէջ եւս լուրջ վերազինում տեղի ունեցած է․ թարմացած է հրետանին, ժամանակակից ջերմային տեսահսկուող սարքերով կահաւորուած են շփման գիծի ամբողջ երկայնքով տեղակայուած դիրքերը:

Ամփոփելով կիսամեակը, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարը վստահեցուցած է, որ հրամանատարական ու շարքային կազմի հետ տարուող աշխատանքներու արդիւնքով էականօրէ նուազած է ոչ կանոնադրային յարաբերութիւններու հետեւանքով արձանագրուող զոհերու թիւը: 2017 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ կիսով չափ նուազած է նաեւ հակառակորդի կրակէն զոհուածներու թիւը:

Ի տարբերութիւն նախիջեւանեան հատուածին, ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծին հակառակորդի զինուժի էական կուտակումներ չկան, կրակոցները նոյնպէս նուազած են: Սահմանին տիրող յարաբերական լռութիւնը, սակայն, ըստ Մնացականեանի ինչ-որ բան կը նշանակէ:

Լրագրողներուն հետաքրքրող յաջորդ հարցը Հայաստանի վարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի որդիներուն կը վերաբերէր․ երկուքն ալ վերջերս ինքնակամ զինուորական ծառայութեան անցած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Անվտանգութեան նկատառումներէն ելլելով՝ զօրամասերը, ուր անոնք կը ծառայեն, գաղտնի կը պահուին: ՊԲ հրամանատարը, սակայն, վստահեցուցած է՝ անոնք կը ծառայեն ինչպէս բոլորը եւ կ’ըլլան նաեւ առաջնագիծին վրայ:

ԼՂ պաշտպանութեան նախարարը բարձր գնահատած է բարձրաստիճան պաշտօնեաներու որդիներու ծառայութիւնը: Ըստ անոր, ի տարբերութիւն Հայաստանին, Ղարաբաղի մէջ պաշտօնեաներու զաւակները ծառայութենէն չեն խուսափիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment