Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վաչական Ղազարեան 1 Միլիառ Դրամ Գրաւի Դիմաց Ազատ Արձակուած է

Վաչական Ղազարեան 1 Միլիառ Դրամ Գրաւի Դիմաց Ազատ Արձակուած է

by MassisPost

Սերժ Սարգսեանի թիկնազօրի նախկին պետ Վաչական Ղազարեանի ազատութեան համար վերաքննիչ դատարանի սահմանած 1 միլիառ դրամ գրաւը վճարուած է եւ Ղազարեանն այժմ ազատութեան մէջ է, Aysor.am-ի թղթակիցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ղազարեանի փաստաբան Արմէն Յարութիւնեանը։

«Գրաւը փոխանցուել է տեփոզիթ (աւանդային) հաշուին։ Ինչ միջոցներով, ինչպէս է վճարուել, որեւէ տեղեկութիւն չեմ կարող յայտնել։ Պարոն Ղազարեանն այժմ ազատութեան մէջ է», – ըսած է Յարութիւնեանը։

Փաստաբանը հերքած է տեղեկութիւնները, թէ գրաւի գումարը պատրաստ էին վճարել քրէական հեղինակութիւն համարուող անձինք։ «Նման բան չկայ, դա ապատեղեկատուութիւն է», – աւելցուցած է ան։

Դիտարկման, թէ հասարակութեան մօտ տարակուսանք կայ՝ ուրկէ՞ անոր այդքան գումար եւ արդեօք այդ փաստը եւս հնարաւոր քննութեան առարկայ պիտի դառնայ, փաստաբանը արձագանգած է.

«Դա արդէն նախաքննութիւնը կարող է պարզել։ Ես մի բան կարող եմ ասել՝ գրաւի վճարումը չի նշանակում, որ դա իր միջոցները պարտադիր պէտք է լինեն։ Այսինքն՝ պարտադիր չէ, որ վճարուած գրաւը պատկանի հենց կալանաւորուած անձին»։

Ինչ կը վերաբերի Ղազարեանի կողմէն առաջադրուած մեղադրանքը ընդունիլ-չընդունելուն, փաստաբանն ըսած է, որ այս պահուն այդ մասին որեւէ բան չի կրնար ըսել եւ պէտք է սպասել, մինչեւ իրենք յայտարարութիւն ընեն։

Աւելի վաղ Aysor.am-ը տեղեկացուցած էր, որ Վաչագան Ղազարեանի փաստաբանը բողոքարկած էր անոր կալանաւորելու մասին որոշումը, սակայն Վերաքննիչ դատարանն իր հերթին որոշած էր սահմանել 1 միլիառ դրամ՝ Վաչական Ղազարեանին գրաւով ազատ արձակելու համար։

Նշենք, որ  Վաչական Ղազարեանին մեղադրանք առաջադրուած էր ապօրինի հարստացման համար, այսինքն՝ ան ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց էթիքայի յանձնաժողով ներկայացուցած յայտարարագիրներուն մէջ թաքցուցած է իր ունեցած դրամական միջոցներու իրական չափի մասին յայտարարագրման ենթակայ տուեալները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment