Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Լիտիան Արմէնիա» Ընկերութեան Կողմէն Միջավայրի Աղտոտումը Պաշտօնատար Անձինք Թաքցուցած են

«Լիտիան Արմէնիա» Ընկերութեան Կողմէն Միջավայրի Աղտոտումը Պաշտօնատար Անձինք Թաքցուցած են

by MassisPost

ՀՀ քննչական կոմիտէի Յատկապէս կարեւոր գործերով (ՀԿԳ) քննութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ քրէական գործ յարուցուած է՝ ՀՀ բնապահպանութեան նախարարութեան պաշտօնատար անձանց կողմէն շրջակայ միջավայրի աղտոտման մասին տեղեկութիւնները դիտաւորութեամբ թաքցնելու առերեւոյթ դէպքի առթիւ։ Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած են ՀՀ Քննչական կոմիտէէն:

ՀՀ քննչական կոմիտէին քաղաքացիէն հաղորդում ստացուած է՝ «Լիտիան Արմէնիա» փակ բաժնետիրական ընկերութեան կողմէն Ամուլսարի ոսկեբեր քաւարզիդներու հանքավայրի հանքարդիւնահանման համալիրի շահագործման հետ կապուած շրջակայ միջավայրի աղտոտման վերաբերեալ:

Պարզուած է, որ «Ճեոթիմ» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը, որ յետագային վերանուանուած է «Լիտիան Արմէնիա» ՓԲԸ, ՀՀ բնապահպանութեան նախարարութեան «Շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան փորձաքննական կեդրոն» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան (ՊՈԱԿ) ներկայացուցած է ՀՀ Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մարզերու վարչական սահմաններուն մէջ գտնուող Ամուլսարի ոսկեբեր քաւարզիդ հանքավայրի հանքարդիւնահանման համալիրի նախագիծի շրջակայ միջավայրին վրայ ազդեցութեան գնահատման հաշուետուութիւն, որուն հիման վրայ 29 ապրիլ 2016-ին նշուած պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան կողմէն տրուած է շրջակայ միջավայրին վրայ ազդեցութեան դրական եզրակացութիւն:

Մինչդեռ նիւթերու նախապատրաստման ընթացքին տուեալներ ձեռք բերուած են առ այն, որ ՀՀ բնապահպանութեան նախարարութեան համապատասխան պաշտօնատար անձինք, տեղեկացուած ըլլալով նշուած համալիրի շահագործման պարագային շրջակայ միջավայրի քիմիական աղտոտման վտանգներու մասին, բնակչութենէն դիտաւորութեամբ թաքցուցած են մարդոց կեանքի եւ առողջութեան համար վտանգաւոր քիմիական նիւթերով շրջակայ միջավայրի աղտոտման վերաբերեալ տեղեկութիւնները:

Նկատի ունենալով, որ նախապատրաստուած նիւթերուն մէջ առերեւոյթ առկայ են ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 282-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախատեսուած յանցագործութեան յատկանիշներ` յարուցուած է քրէական գործ։ Մշակուած է քննչական ծրագիր, եւ կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ՝ բազմակողմանի, առարկայական եւ լրիւ քննութիւնն ապահովելու ուղղութեամբ։

Նշենք, որ օրեր շարունակ Ամուլսարի հանքի շահագործման դէմ բողոքող աքթիւիսթները փակ պահեցին դէպի Ամուլսար տանող ճանապարհները` պահանջելով դադրեցնել հանքի շահագործումը:

Միջազգային փորձագէտները, որոնք ծանօթացած են իրավիճակին, կը պնդեն, որ «Ամուլսար»ի մէջ հանքի շահագործումը կը վտանգէ Հայաստանի ջրային միջոցները: Մասնաւորապէս, մեծ է թթուային   թունաւորման հնարաւորութիւնը եւ եթէ այդպիսի բան ըլլայ մակերեւութային եւ ստորգետնեայ ջուրերուն մէջ, ապա այն պիտի արտազատուի եւ ջուրերուն մէջ մտնէ: Քանի որ թթուային  կեղտաջրումը  հարիւրաւոր տարիներ պիտի տեւէ, փորձագէտները կը պնդեն, որ Ամուլսարի հանքը շահագործող «Լիտիան ինթըրնէշընլ» ընկերութիւնը պէտք է մաքրման կայան կառուցէ, որ պէտք է գործէ ոչ միայն հանքի շահագործման առաջին օրուընէ մինչեւ փակումը, այլեւ շահագործումէն ետք եւս առնուազն 200 տարի. «Հնարաւոր ռիսքերը, կարող են տեւել յաւերժ, քանի որ առաջանալու են թունաւոր թափոններ, որոնք առաջացնում են թթուային թունաւորում, որը կարող է ազդել ջրային համակարգի, դրա մէջ բնակող կենսաբազմազանութեան վրայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment