Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Երեւան» Հիմնադրամի Չարաշահումներու Գործով Տարօն Մարգարեանը կը Հրաւիրուի Հարցաքննութեան

«Երեւան» Հիմնադրամի Չարաշահումներու Գործով Տարօն Մարգարեանը կը Հրաւիրուի Հարցաքննութեան

by MassisPost

«Երեւան» հիմնադրամի մէջ յայտնաբերուած չարաշահումներու գործով Երեւանի նախկին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը պիտի հրաւիրուի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն՝ հարցաքննութեան: Այս մասին երէկ կառավարութեան նիստէն առաջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արթուր Վանեցեանը:

«Տարօն Մարգարեանը դեռեւս այս փուլում չի հրաւիրուել ԱԱԾ քննչական վարչութիւն, բայց կը հրաւիրուի», – «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան ըսած է Վանեցեանը։

Վերջինիս փոխանցմամբ, հիմնադրամին մէջ կատարուող մեծածաւալ ստուգումներն աւարտական փուլին հասած են:

ԱԱԾ-ն «Երեւան» հիմնադրամի մէջ իրականացուցած խուզարկութիւններու արդիւնքով պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահման եւ պաշտօնական դիրքն օգտագործելով խարդախութիւն կատարելու յօդուածներու յատկանիշներով քրէական գործ յարուցած է ու մեղադրանք առաջադրած է հիմնադրամի տնօրէն Աշոտ Ղազարեանին եւ Դաւիթաշէնի թաղապետի տեղակալ Խաչատուր Կարապետեանին նկատմամբ:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն ը (ԱԱԾ)  հաղորդում ստացած էր, որ կառուցապատման եւ գոյքի ձեւակերպման թոյլտուութիւններու համար, բացի օրէնքով սահմանուած վճարումներէն, քաղաքացիներուն պարտադրած են «Երեւան» հիմնադրամին փոխանցել խոշոր գումարներ, որոնց մէկ մասը հիմնադրամի հաշուեհամար չէ մուտքագրուած եւ յափշտակուած է:

Արթուր Վանեցեանը նաեւ տեղեկացուցած է, որ կ’ուսումնասիրեն Տարօն Մարգարեանի ունեցուածքի հետ կապուած հրապարակումները։

«Տարօն Մարգարեանի անունով գրանցուած պիզնեսներ մենք չենք յայտնաբերել, ունեցուածքը, որը որ կայ յայտնի հրապարակման մէջ, վարչապետի օգնականը՝ կաշառակերութեան հակազդման գծով, Արէն Մկրտչեանն էդ նիւթերը փոխանցել է մեզ, էդ նիւթերով իրականացւում են ուսումնասիրութիւններ, որոնցով եւս կը լինեն յստակ միջոցառումներ», – ըսած է Վանեցեան։

Ապօրինի հարստացման գործերով Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տրամադրութեան տակ  շարք մը գործեր կան: Այս մասին նոյնպէս ըսած է ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեանը: Ան նշած է, որ այդ գործերը կ’առնչուին բարձրաստիճան եւ հանրութեան յայտնի անձանց: Հարցին՝ աղմկոտ բացայայտումնե՞ր պիտի ըլլան, ան պատասխանած է՝ այո:

Հարցին, թէ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) շրջանակներուն հետ առնչուող անձի՞նք են անոնք, Վանեցեանը պատասխանած է. «Կարող է եւ հանրապետականի շրջանակներին առնչուող անձինք լինել, կարող են եւ լինել այլ անձինք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment